Առիւծն Ու Աղուէսը
Առիւծ մը կորիւնի մը ծնունդ տուաւ։
Կենդանիները հաւաքուեցան կորիւնը տեսնելու եւ ուրախանալու։
Աղուէսը եկաւ եւ բազմութեան մէջ առիւծին բարձրաձայն նախատեց* ու անարգեց ըսելով թէ ա՞յդ է քու զօրութիւնդ, որ ծնունդ կու տաս միայն մէկ կորիւնի եւ ոչ բազմաթիւ կորիւններու։
Առիւծը հանդարտօրէն պատասխանեց.
"Այո՛, ես ծնունդ կու տամ մէկ կորիւնի, բայց առիւծի ծնունդ կու տամ եւ ոչ թէ քեզ նման աղուէսի"։
Վարդան Այգեկցի