ՏԻՐԱՑՈՒ ԳԱՅԼԸ

Օր մը Գայլը կը հանդիպի ծերացած Ջորիին, որ ականջն ու պոչը կախած, շուար ու մոլոր* կ’արածէր։
–Յիմա՛ր Ջորի,– կ’ըսէ Գայլը,– չե՞ս գիտեր, որ այս զովասուն տեղերը իմս են։ Այդ ի՞նչ համարձակութիւն ունիս, որ տարածքս մտած ես ու հանգիստ խիղճով կ’արածիս։
–Իշխա՛ն Գայլ, ներողամի՛տ եղիր,–կ'ըսէ Ջորին, – ես մեր թագաւոր Առիւծին հրամանագրով* մտած եմ հոս։
–Սո՛ւտ կը խօսիս։ Ցո՛յց տուր նայիմ հրամանագիրը։
–Հրամանագիրը ետեւի պայտերուս* վրայ գրուած է։ Եթէ չես հաւատար՝ ահա՛, կարդա՛...

Երբ Գայլը կը մօտենայ, որպէսզի կարդայ, Ջորին կը հաւաքէ իր վերջին ուժերը եւ այնպէս աքացի* մը կու տայ Գայլին գլխուն, որ անոր աչքերէն կայծեր կը թռչին։
Երկրորդ հարուածէն հազիւ ազատելով՝ Գայլը ինքզինք կը նետէ ժայռի մը տակը եւ արիւնլուայ* ու կծկուած՝ աղեկտուր* կու լայ՝ քիթին տակէն մրթմրթալով.
–Չէ՞ որ ես վարպետ մսագործ էի, ի՞նչ պէտք ունէի տիրացու դառնալ...

Առակը ցոյց կու տայ, որ բարի ու համեստ մարդիկ միշտ չէ որ պարզամիտ ու միամիտ կ’ըլլան։

Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէն արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան