ԳՈՐԾԸ ԽՕՍՔՈՎ Չ’ԸԼԼԱՐ

Գիւղացի մարդիկ ամէն անգամ գիւղի հրապարակը կը հաւաքուէին ու տարբեր բաներու մասին կը խօսէին։ Գարնանային օր մըն ալ անոնք իրենց բարօր* կեցութեան* խնդիրը կը քննէին։
– Մեր գիւղը հրաշալի ջուր ունի,- կ’ըսէ անոնցմէ մէկը,- եթէ պտղատու ծառեր տնկենք, չորս-հինգ տարի ետք բերքը կը վայելենք, օգուտ կ’ունենանք...։
– Ատիկա ձեռնտու* չէ։ Եկէ՛ք ուրիշ բանի մը մասին մտածենք, օրինակի համար՝ ցորեն ցանենք...։

Եւ այսպէս շարունակ, անոնք շահաբեր ձեռնարկներու* մասին կը խօսէին ու կը վիճէին ժամերով: Մէկը կ'ըսէր խաղող ցանենք, միւսը կ'ըսէր ոչխար պահենք, ուրիշ մը խորհուրդ կու տար անտառի փայտ մշակել եւ այլն:

Աշխատասէր գիւղացի մը, որ ուշադիր կերպով կը լսէր այս խօսակցութիւնը, յաջորդ օրը կ’երթայ ու անմիջապէս պտղատու ծառեր կը տնկէ իր փոքրիկ հողակտորին վրայ։

Չորս-հինգ տարի կ’անցնի։ Ան շատ լաւ հոգ կը տանի իր ցանած ծառերուն, իսկ անոնք կ’աճին, կը ծաղկին ու կը սկսին բերք տալ։ Աշնանային օր մը, այս համեստ ու աշխատասէր մարդը, երբ դարձեալ կ’անցնէր գիւղամէջէն, կը տեսնէ նոյն մարդիկը՝ տակաւին նոյն զրոյցով տարուած, թէ ի՞նչը շահաւէտ է հանգիստ կեանք ունենալու համար...
– Ո՜վ մարդիկ,- կ’ըսէ ան,- քանի մը տարի առաջ դուք այս նոյն տեղը նստած, ճիշդ նոյն բանը կը քննարկէիք։ Ես ձեզ լսեցի ու անմիջապէս գացի ծառեր տնկեցի, աճեցուցի, խնամեցի։ Բերքն արդէն հաւաքած եմ, մէկ մասը՝ նոյնիսկ ծախած։ Եւ իր զամբիւղէն իր աճեցուցած համեղ պտուղները հրամցնելով անոնց, գիւղացին կ'աւելցնէ,- հրամմեցէ՛ք, վայելեցէ՛ք։ Գիտցէք սակայն, որ գործը պարապ խօսքերով առջեւ չ’երթար, աշխատեցէ՛ք, աշխատեցէ՛ք։

Առակը ցոյց կու տայ, որ գործով, եւ ո՛չ թէ խօսքով կարելի է արդիւնք ստանալ։

Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան
Մշակումը՝ «ՓԹԻԹ»-ի