ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԶԻՆՈՒՈՐԸ
Իմաստուն, բայց կաղ զինուոր մը պատերազմի կ’երթար։
Գունդի* զինուորներէն մէկը անոր ըսաւ.
«Ո՛վ ողորմելի*, ո՞ւր կ’երթաս։ Քեզ իսկոյն* կը սպաննեն, որովհետեւ չես կրնար փախչիլ»։
Կաղ զինուորը պատասխանեց. «Ո՛վ անմիտ, ես փախչելու համար չէ որ պատերազմի կ’երթամ, այլ կռուելու եւ յաղթելու»։

ՎԱՐԴԱՆ ԱՅԳԵԿՑԻ