ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՐԻՉ

Թագաւոր մը գեղեցիկ պալատ մը կը շինէ եւ կը փափաքի զայն զարդարել այնպիսի նկարներով, որոնց նմանը ո՛չ մէկ տեղ ըլլայ։ Ան կ’ընտրէ երկու նկարիչներ եւ ամէն մէկուն պատ մը կը յանձնէ, ապա անոնց միջեւ վարագոյր մը կը քաշէ։
Երբ նկարիչները կ’աւարտեն իրենց գործը, թագաւորը կու գայ դիտելու իւրաքանչիւրին գործը։ Առաջին նկարիչը շատ գեղեցիկ բնանկար* մը գծած էր, որ թագաւորը շատ կը հաւնի։ Միւսը ոչինչ գծած էր. ան պարզապէս պատը յղկած ու հայելիի պէս փայլեցուցած էր։ Երբ թագաւորը կը տեսնէ ասիկա, կը զարմանայ ու կ’ըսէ.
- Ի՞նչ է այս ըրածդ։
Նկարիչը կը պատասխանէ.
- Հիմա ցոյց կու տամ։

Այսպէս ըսելով կը բանայ մէջտեղի վարագոյրը։ Լոյսը կը լուսաւորէ կոկուած պատը եւ կը մթնցնէ նկարազարդ պատը, որովհետեւ հայելիին մէջ կ’երեւէին այն բոլոր նկարները, որոնք գծուած էին միւս պատին վրայ։
Թագաւորը կ’ըսէ.
- Այս պատը միւսէն գեղեցիկ է։
ՎԱՐԴԱՆ ԱՅԳԵԿՑԻ