Աղուէսն ու Գայլը
Աղուէսը հանդիպեցաւ կուրցած գայլին եւ անոր քով իբրեւ ուղեցոյց ծառայութեան մտաւ։
Օր մը աղուէսը անզգուշութեամբ գայլը ջուրը ձգեց։ Գայլը չհաւատաց որ աղուէսը անզգուշութեան պատճառով այդ սխալը գործած էր, եւ ընդհակառակը, կը կարծէր թէ դիտումնաւոր էր այդ, ուստի առիթ կը փնտռէր աղուէսէն վրէժ լուծելու։
Աղուէսը կը վախնար գայլին վրէժխնդրութենէն եւ կ՛ուզէր փախուստ տալ, բայց չէր յաջողեր, քանի որ գայլը զինք խիստ կաշկանդած էր։
Օր մը աղուէսը ըսաւ գայլին.
- վաղը Զատիկ է, քեզ եկեղեցի տանիմ որ մատաղ ուտես։
Գայլը ուրախացաւ, եւ անոնք առտու կանուխ դուրս ելան։ Աղուէսը գայլը ձգեց շուներուն բերանը։
Գայլը ըսաւ.
- Ա՞յս է մատաղը, ո՛վ չար սպասաւոր։
Աղուէսը ըսաւ.
- Քեզի պէս չարսիրտ կոյրը ատոր միայն արժանի է։

Մխիթար Գօշ