ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՍԱՏԱՆԱՆ

Մարդն ու Սատանան կ’ընկերանան եւ ստեպղին կը ցանեն՝ պայմանով որ արմատը Մարդը առնէ, տերեւը՝ Սատանան։

Աշնան՝ ամէն մէկը բերքի իր բաժինը կ’առնէ։ Սատանան կը տեսնէ, թէ խաբուած է, եւ պայման կը դնէ, որ յաջորդ բերքին արմատը ինք առնէ, ցօղունը՝ մարդը։ Վերջինս չ'առարկեր*: Երբ գարունը կը բացուի՝ մարդը կ'առաջարկէ, որ ցորեն ցանեն: Աշնան բերքահաւաքին, երբ արտին տուած բարիքը կը բաժնուին, Սատանան կը տեսնէ, որ նորէն խաբուած է։

-- Ո՛չ, ո՛չ։ Մարդ արարածը ինձմէ եօթը օր առաջ ծնած է*, -- խեղճացած կ’ըսէ Սատանան ու դատարկաձեռն* կը հեռանայ։