Թագաւոր եւ Օձ

Թագաւոր մը կար, որ սիրելի օձ մը ունէր։ Օձը ամէն օր թագաւորին կարմիր դահեկան* մը կը բերէր։ Երբ թագաւորը մանուկ մը ունեցաւ, օձը ամէն օր կը խաղար անոր հետ։ Տարիներ ետք, երբ մանուկը արդէն մեծցած էր, խաղի մը ժամանակ, սուրը հանեց եւ օձին պոչը կտրելով գետին նետեց։ Օձը զայրանալով՝ խայթեց մանուկին, որ իսկոյն մեռաւ, իսկ օձը գնաց օտար երկիր։ Երբ թագաւորը տեսաւ որ մանուկը օձի թոյնէն սեւցած եւ մեռած է, իսկ օձին պոչը գետին ինկած է, գիտցաւ որ մանուկը սուրով կտրեր է օձին պոչը։
Որոշ ժամանակ ետք, թագաւորը օձին լուր ղրկեց ըսելով.

- Գիտեմ թէ որդիս է որ նախ ծուռութիւն ըրած է՝ կտրելով քու պոչդ, որմէ ետք է միայն որ դուն խայթեր ես անոր։ Ինչ որ եղաւ՝ եղաւ։ Եկու՛ր եւ մենք առաջուայ նման միասին սիրով ապրինք։

Օձը պատասխանեց թագաւորին առաջարկին.

-Այդպէս չէ, քանի որ ես անընդհատ պիտի նայիմ իմ պոչիս, իսկ դուն ալ՝քու որդիիդ գերեզմանին, եւ մեր միջեւ թշնամութիւնը պիտի չվերանայ*։ Աւելի լաւ է, որ դուն եւ ես իրարմէ հեռու մնանք, որպէսզի ուրիշ մեծագոյն չարիք չծնի մեր մէջ։


ՎԱՐԴԱՆ ԱՅԳԵԿՑԻ