ԱՆՕԹԻ ԳԱՅԼԸ
Ցուրտ ձմեռ էր, բուք ու բորան*։
Սովալլուկ* Գայլ մը,
հոգին բերանը եկած*,
ոտքերը հազիւ շարժելով, ձիւնածածկ սարալանջէն* ոռնալով կ’անցնէր։
Դիմացի գիւղի եկեղեցիին բակին մէջ խմբուած, կուշտուկուռ կերած-խմած մարդիկը Գայլին ոռնոցները սապէս կը մեկնաբանէին*.
- Կը լսէ՞ք, կը լսէ՞ք, տնաշէնը ի՜նչ ցնծութեան մէջ է. ո՜վ գիտէ, թէ ո՛ր խեղճին տունը քանդած է։ Անպիտանը այնքան շատ կերած է, որ նոյնիսկ չի կրնար քալել…
Այդ պատճառով կ’ըսեն. «Կուշտն ի՜նչ գիտնայ անօթիին վիճակը»։

Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան
Պատշաճեցումը՝ ՓԹԻԹ-ի