ՈՐՍՈՐԴՆ ՈՒ ԲԱՐԱԿԸ
Որսորդ մը անտառին մէջ եղնիկներու խումբի մը կը հանդիպի։
- Տէ՛, թռի՛ր տեսնեմ,- կ’ըսէ որսորդը իր բարակին*,- եթէ այսօր անոնցմէ գոնէ մէկը կարենաս բռնել, մեծ հաճոյք պարգեւած կ’ըլլաս զաւակներուս, իսկ քեզ ալ՝ ճաշին, ոսկորներով կը կշտացնեմ։
Բարակը կը վազէ անտառին երկայնքով, բայց չի կրնար եղնիկներուն հասնիլ։ Արագավազ եղնիկները կայծակի պէս կը սուրան եւ իրենց թաքստոցներուն* մէջ կը պահուըտին։ Բարակը ձեռնունայն* ետ կը դառնայ։
- Չե՞ս ամչնար,- որսորդը կը յանդիմանէ բարակը,- չկրցա՞ր անոնցմէ գոնէ մէկուն չափ վազել։
- Տէ՛ր իմ,- կը պատասխանէ բարակը,- ես կը վազէի քու փորիդ համար, իսկ անոնք՝ իրենց գլուխներուն համար։

Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան