ԾԵՐՈՒՆԻՆ ԵՒ ԸՆԿՈՒԶԵՆԻՆ
Թագաւորը իր երկրին մէջ շրջելու ատեն կը տեսնէ, որ զառամեալ ծերունի մը թարմ
շիւ* կը տնկէ։ Կը մօտենայ անոր ու կը հարցնէ.
-Ի՞նչ կ’ընես, ո՜վ Ծերունի։
-Ընկուզենիի շիւ կը տնկեմ։
-վաղը պիտի մեռնիս, այդ ընկուզենիի շիւը ինչո՞ւ կը տնկես։
Ծերունին կը պատասխանէ.
-Թագաւորը շա՛տ ապրի, մեր նախնիները տնկած են՝ մենք կերած ենք, հիմա ես կը տնկեմ, որպէսզի մեզի յաջորդողները ուտեն։
Առակը ցոյց կու տայ, որ պէտք չէ միայն ուրիշին կատարած բարիքէն օգտուինք, այլեւ մտածենք այլոց մասին,
մանաւանդ՝ մեր յետնորդներուն*։
-Ի՞նչ կ’ընես, ո՜վ Ծերունի։
-Ընկուզենիի շիւ կը տնկեմ։
-վաղը պիտի մեռնիս, այդ ընկուզենիի շիւը ինչո՞ւ կը տնկես։
Ծերունին կը պատասխանէ.
-Թագաւորը շա՛տ ապրի, մեր նախնիները տնկած են՝ մենք կերած ենք, հիմա ես կը տնկեմ, որպէսզի մեզի յաջորդողները ուտեն։
Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան