ՏՈՒՆԸ

Մայր մը ու իր տղան կ’ապրէին անշուք* տնակի մը մէջ։
Պզտիկ առու* մը կ’անցնէր այգիին մէջէն։ Գորտերը ամէն օր կը կռկռային, սօսիները*՝ կը խշխշային, իսկ տղան միշտ կը դժգոհէր ու մօրը կ’ըսէր.

- Ձանձրացա՜յ, յոգնեցա՜յ. ամէն օր նո՛յն գորտերը կը կռկռան, նո՛յն ծառերը կը խշխշան. ո՛չ մէկ նորութիւն կայ հոս. պիտի երթամ աշխարհը պտըտիմ, աղուոր տեղ մը գտնեմ, ապա ետ կու գամ ու քեզ ալ հետս կը տանիմ։

Օր մըն ալ տղան իսկապէս կ’երթայ։ Շա՜տ կը թափառի, շա՜տ բաներ կը տեսնէ, բայց ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ բան կը հաւնի։ Հոգին՝ խռով*, կարօտը՝ սիրտին, ետ կը դառնայ իր տնակը՝ իր մօրը քով, եւ կ’ըսէ.

- Իմ սիրասո՛ւն* մարէ*, շա՜տ տեղեր պտըտեցայ, շատ ու շատ բաներ տեսայ, հսկայ պալատներու մէջ հանդիպեցայ շատ մեծահարուստներու, բայց անոնցմէ ո՛չ ոք ըսաւ. «նե՛րս եկուր, քիչ մը տաքցի՛ր, պատառ մը հա՛ց կեր»։ Փոքր ու անշուք տնակս, պզտիկ ու նախշուն այգիս, քչքչան* առուակս, կռկռան գորտերս, խշխշան ծառերս աշխարհի որեւէ մէկ բանի հետ չեմ փոխեր…։

Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան
Պատշաճեցումը՝ ՓԹԻԹ-ի