ԵՐԲ ՏՈՒԱԾԻՆ ԴԻՄԱՑ ՊԱՀԱՆՋԱԾԸ ՇԱՏ ՔԻՉ Է

Կատուն սենեակին մէկ անկիւնը կանգնած, Մուկն ալ միւս անկիւնը՝ ծակին քով, իրարու կը նային։

- Մի՛ վախնար, Մկնիկ ջան,-կ’ըսէ Կատուն,-միայն կէս մեթր առջեւ եկո՛ւր՝ հարիւր դրամ տամ։

- Ո՛չ, առջեւ չեմ գար։

- Ի՞նչ է, ինծի չե՞ս վստահիր։

- Ինչպէ՞ս վստահիմ, երբ տուածիդ համեմատ՝ ուզածդ շատ քիչ է։ Ուրեմն, հոս խարդախութիւն կայ,- կը պատասխանէ Մուկը։

Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան