ՁԻՆ ԵՒ ԽԽՈՒՆՋԸ

Անտառի մը մէջ ձի մը կար, որ շատ հպարտ էր։ Օր մը խխունջի մը կը հանդիպի, որ դանդաղ կը շարժէր։ Ձին կը սկսի յոխորտալ*, որ ինք շատ արագաշարժ է եւ խխունջին կ’առաջարկէ մրցիլ իր հետ։ Խխունջը շատ կը ջղայնանայ եւ կ’որոշէ աղուոր դաս մը տալ ձիուն եւ կ’ըսէ.

– Կ’ընդունիմ հետդ մրցիլ կիրակի օրը։

Խխունջը իր բոլոր բարեկամ խխունջները կը կանչէ եւ անոնց կը տեղեկացնէ մրցումին մասին։ Խխունջները, որոնք իրարու շատ կը նմանէին, կը ծրագրեն ձիուն գլխուն խաղ մը խաղալ եւ իրենց հնարամտութեամբ յաղթել անոր։

Կիրակի առաւօտ կանուխ, խխունջները տունէն կ’ելլեն եւ ճամբուն երկայնքին զանազան տեղեր կը պահուըտին։ Երբ մրցումը կը սկսի, ձին իր ընթացքը կը սկսի հանդարտ վազքով, սակայն երբ կը նկատէ, թէ խխունջը իրմէ առաջ է, կ’անցնի վարգի*: Երբ դարձեալ կը տեսնէ, որ խխունջը տակաւին իրեն անցած է, ա՛լ աւելի կ’արագացնէ ընթացքը, սակայն խխունջը տակաւին միշտ իր առջեւը կ'ըլլար։ Ի վերջոյ, ձին շնչահատ* կ’ըլլայ եւ կ’ընդունի իր պարտութիւնը։

Այս առակը ցոյց կու տայ, որ յոխորտալը եւ տկար արարածները ծաղրելը պատիժի արժանի է։