ԱՂՈՒԷՍԸ ԵՒ ԱՅԾԸ
Օր մը Աղուէսը կ’իյնայ հորի մը մէջ. հակառակ որ հորը շատ խորունկ չէր, չի կրնար դուրս գալ անկէ։ Որոշ ժամանակ ետք ծարաւ այծ մը կու գայ եւ կարծելով, թէ աղուէսը հորին մէջ ջուր կը խմէ, կը հարցնէ անոր.
-- Ջուրը լա՞ւ է։
Աղուէսը կը պատասխանէ.
-- Երկրի լաւագոյն ջուրն է. ցատկէ՛ եւ փորձէ՛, երկուքիս բաւարար ջուր կայ։
Այծը անմիջապէս կը ցատկէ հորին մէջ եւ կը սկսի խմել, իսկ աղուէսը ցատկելով այծին կռնակին վրայ եւ անոր եղջիւրներուն յենելով* դուրս կու գայ հորէն։
Անմիտ այծը կը տեսնէ, թէ ինք պիտի բանտարկուի այնտեղ, ուստի կը խնդրէ աղուէսէն, որ օգնէ իրեն, որ ելլէ հորէն։
Աղուէսը կ’ըսէ. -- Եթէ տրամաբանութիւն ունենայիր, պէտք է հոր ցատկելէ առաջ մտածէիր, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենաս դուրս գալ հոնկէ։
Այս առակը ցոյց կու տայ, որ արարք մը ընելէ առաջ պէտք է լաւ մտածել։