ՍԻՐԱՄԱՐԳԸ

Սիրամարգը իր գեղեցկութեան համար անընդհատ գովեստ կը ստանար, ուստի որոշեց թագաւոր դառնալ։ Իմաստունները խրատեցին, որ թագաւոր ըլլալու համար իշխանական տոհմէ* պէտք է ըլլար։ Սակայն Սիրամարգը չէր ուզեր անոնց լսել եւ կը ցանկար անպայման իր նպատակին հասնիլ։

Թռչուններու թագաւորը լսելով այդ մասին, եկաւ եւ կոտորեց* անոր ձագերը եւ ամբողջ ընտանիքը։ Ուրիշներ ալ, անոր թեւերն ու փետուրները փրցնելով՝ մերկացուցին զայն։ Այսպիսով, Սիրամարգը ոչ միայն թագաւոր չդարձաւ, այլեւ զրկուեցաւ իր գեղեցկութենէն։

ՄԽԻԹԱՐ ԳՕՇ