ԱՄԷՆԷՆ ԱՆՈՒՇՆ ՈՒ ԱՄԷՆԷՆ ԼԵՂԻՆ

Թագաւոր մը իր ծառային կ’ըսէ.
‏‏ -Գնա՛ եւ աշխարհի ամէնէն անուշ բանը բե՛ր։
Ծառան կ’երթայ եւ կովու լեզու մը կը բերէ։
-Ասիկա՞ է աշխարհի ամէնէն անուշ բանը,- կը հարցնէ թագաւորը։
-Այո՛, թագաւորը շա՛տ ապրի, լեզուն աշխարհի ամէնէն անուշ բանն է։
Յաջորդ օրը, թագաւորը այլ հրահանգ մը կու տայ ծառային.
-Հիմա ալ գնա՛ ու աշխարհի ամէնէն լեղի բանը բե՛ր,- կ՚ըսէ անոր։
Ծառան կ’երթայ եւ …նորէն լեզու կը բերէ։
- Լեզու՞ն է աշխարհի ամէնէն լեղի բանը,- զարմացած կը հարցնէ թագաւորը։
-Այո՛, թագաւորը շա՛տ ապրի։ Աշխարհի թէ՛ լաւ եւ թէ՛ գէշ բաները լեզուէն կ’ելլեն։ Լեզուն կ՚օրհնէ, բայց նաեւ՝ կ՚անիծէ, կը գովէ, բայց նաեւ՝ կ՚անպատուէ, լեզուն ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, բայց նաեւ՝ կը խաբէ, սիրոյ խօսքեր կ՚արտասանէ, բայց նաեւ՝ կը հայհոյէ։ Թագաւորը իրաւունք կու տայ իր իմաստուն ծառային։

Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան
Պատշաճեցումը՝ ՓԹԻԹ-ի