ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ԽՈԶԸ

ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ԽՈԶԸ

Օր մը հովիւ մը ոչխարները արածած ժամանակ խոզ մը կը գտնէ եւ անմիջապէս կը բռնէ զայն: Խոզը կը ճչար* իր ամբողջ ձայնով եւ կը փորձէր ազատիլ, բայց անօգուտ։

Ոչխարները կը զարմանան խոզին ընթացքէն եւ կը հարցնեն.

-- Ինչո՞ւ այդպէս կը ճչաս։ Հովիւը յաճախ մեզ ալ կը բռնէ, բայց մենք քեզի պէս չենք ճչար։

Խոզը կը պատասխանէ.

-- Երբ հովիւը ձեզ բռնէ միայն ձեր բուրդը կ՚ուզէ, բայց իմ պարագայիս իմ միսս կ՚ուզէ։

Առակը ցոյց կու տայ, որ դիւրին է քաջ ըլլալ, երբ վտանգ չի սպառնար։