ԵՐԵՔ ՀԱՐՈՒՍՏ

Երեք հարուստ կը վիճին ու վէճը հարթելու* համար կ՚երթան Խիկար իմաստունին քով.
--Մենք եկած ենք գիտնալու, թէ մեզմէ ո՞վ հարուստ է։
--Դու՛ն խօսիր,-- կը դիմէ իմաստունը առաջին մարդուն։
--Ես ոսկիի ու արծաթի, տուն ու տեղի, ունեցուածքի եւ արտ ու դաշտի տէր եմ, հարստութեանս չափ ու սահման չկայ։
--Հիմա ալ դո՛ւն խօսէ տեսնենք,--կը դիմէ երկրորդին։
--Ես թէեւ թագաւորին զօրապետն եմ, բայց իրմէ երեք անգամ աւելի հարուստ եմ։
--Իսկ դո՛ւն ինչ կ՚ըսես,-- կը դիմէ Իմաստունը երրորդին։
--Ի՞նչ ըսեմ։ Ես ո՛չ պաշտօն ունիմ, ո՛չ ոսկի, ո՛չ արծաթ, ո՛չ ալ արտ ու դաշտ։ Ես գիտուն մարդ մըն եմ, ունեցած-չունեցածս գլխուս մէջն է։

Երեքը լսելէն յետոյ Խիկար Իմաստուն կ՚ըսէ.
--Ձեզմէ ամէնէն հարուստը գիտունն է. անոր հարստութիւնը մնայուն ու անվերջանալի է եւ ոչ ոք կրնայ զայն խլել անկէ...։


Կազմող եւ մշակող՝ Արմէն Սարգիսեան
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Արթուր Անդրանիկեան