ԽԵԼԱՑԻ ԱՅԾԸ

Գետի մը վրայ շատ նեղ կամուրջ մը կար։ Օր մը այծ մը կ’անցնէր հոնկէ, եւ երբ մէջտեղը կը հասնի, կը հանդիպի ուրիշ այծի մը, որ հակառակ կողմէն կու գար։ Կամուրջը այնքան նեղ էր, որ կարելի չէր միասնաբար անցնիլ։

Առաջին այծը կ’ըսէ.

-- Ետ գնայ, երկուքիս բաւարար տեղ չկայ։

Երկրորդը կը պատասխանէ.

-- Ինչո՞ւ ե՛ս ետ պիտի երթամ եւ ոչ՝ դուն։

-- Դուն պէտք է ետ երթաս,-- կ'ըլլայ առաջինին պատասխանը,-- որովհետեւ ես քեզմէ զօրաւոր եմ։

-Ո՛չ, դուն ինձմէ զօրաւոր չես,-- կը հակադարձէ* երկրորդը:

Առաջին այծը եղջիւրները կը ծռէ կռուելու համար։

--կեցի՛ր,-- կ'ըսէ երկրորդը,-- եթէ կռուինք, երկուքս ալ գետը պիտի իյնանք ու խեղդուինք։ Ուրեմն առաջարկ մը ունիմ. ես կամուրջին վրայ կը պառկիմ եւ դուն վրայէս կ’անցնիս։

Այսպէս ըսելով խելացի այծը կը պառկի եւ միւսը վրայէն կ’անցնի, ու երկուքն ալ կը շարունակեն իրենց ճամբան։

Այս առակը ցոյց կու տայ, թէ խելացութեամբ եւ փոքր զիջումով* կարելի է փորձանքէ խուսափիլ։