ԱԳՌԱՒԸ ԵՒ ԿԱՐԱՊԸ
ԱԳՌԱՒԸ ԵՒ ԿԱՐԱՊԸ
Ագռաւ մը կար, որ կը նախանձէր Կարապին, որովհետեւ իր փետուրները ածուխի պէս սեւ էին, մինչ Կարապին փետուրները ձիւնասպիտակ* էին։
Անխելք Ագռաւը կը կարծէր, որ եթէ ինք ալ Կարապին նման ամբողջ օրը ջուրին մէջ լողար եւ ջրիմուռներ* ուտէր, իր փետուրներն ալ կը ճերմկէին։
Ուստի, ձգեց անտառն ու դաշտերը եւ սկսաւ ապրիլ լիճին մօտ եւ ուտել ջրային բոյսեր ու ամէն օր անդադար լուացուիլ։ Սակայն ապարդիւն*. փետուրները չսպիտակեցան, իսկ կերած բոյսերն ալ վնասեցին անոր առողջութեան եւ Ագռաւը, հետզհետէ նիհարնալով, մեռաւ։
Առակը ցոյց կու տայ, որ մեր սովորութիւնները փոխելով չենք կրնար փոխել մեր բնութիւնը կամ իսկութիւնը։