Փոքրիկ Կաղանդ Պապուկը

Ցուրտ առաւօտ մըն էր։ Արման իր սենեակի պատուհանին վրայ թեթեւ զարկի ձայներէն արթնցաւ։ Քնատ վիճակի մէջ, բացաւ պատուհանը եւ հարցուց.
«Ո՞վ կայ հոն»։
Ձայն մը պատասխանեց.
«Ես փոքրիկ Կաղանդ պապուկն եմ, խոստացած եմ բոլորին նուէր բաժնել.

բայց ես շատ փոքր եմ, ուստի օգնականի մը կարիքը ունիմ»։
Արման պատասխանեց.
«Ո՜հ, շատ ցուրտ է, ես կը նախընտրեմ վերադառնալ իմ տաքուկ անկողինս»։
Փոքրիկ Կաղանդ պապուկը ըսաւ.
«Ցուրտին կարեւորութիւն մի՛ տար, խնդրեմ, օգնէ՛ ինծի»։
Արման շուտով հագուեցաւ եւ պարտէզ իջաւ. հոն գտաւ վարդագոյն այտերով տղեկ մը, բազմաթիւ նուէրներով բեռնաւորուած մեծ սայլի մը քովը։ Սայլին մէկ կողմը գրուած էր «Սէր», իսկ միւս կողմը՝ «Ազնուութիւն»։ Տղեկը խնդրեց որ Արման օգնէ սայլը քշելու։
Բաւական ճամբայ կտրելէ ետք հասան ծեր մարդու մը տան մօտ։ Փոքրիկ Կաղանդ Պապուկը ըսաւ թէ այդ մարդը անզաւակ ծերունի մըն է, որ օգնութեան պէտք ունի։ Ուստի սայլին մէջէն նուէրներ առաւ եւ տան դուռը թակելով* զանոնք յանձնեց ծեր մարդուն։ Ծերունին այնքան ուրախացաւ, որ արցունքներ սկսան հոսիլ այտերէն վար։

Յաջորդ անձը որու այցելեցին, հիւանդ աղջնակ մըն էր։ Հոն եւս նուէրներ ձգելով ուրախացուցին զայն, ապա շարունակեցին իրենց ճամբան։ Այցելեցին բազմաթիւ տուներ, միշտ նուէրներ տալով եւ բարեմաղթութիւններ կատարելով բոլորին։ Արման սկսաւ զարմանալ, որովհետեւ հակառակ որ բաւական նուէրներ բաժնած էին, սայլը տակաւին լեցուն էր։ Երբ այս մասին հարցուց Փոքրիկ Կաղանդ Պապուկին, ան պատասխանեց՝ ըսելով թէ Սէրը եւ Ազնուութիւնը սահման չունին, եւ այնքան ատեն որ անոնց կարօտ մարդիկ կան, սայլը միշտ լեցուն պիտի մնայ։

«Շնորհաւոր Նոր Տարի», - ըսաւ ձայն մը։ Արման արթնցաւ եւ տեսաւ թէ ինք անկողինին մէջն է, եւ քոյրը եկած էր զինք արթնցնելու ։ Արման անդրադարձաւ որ այդ բոլորը երազ էր, բայց որոշեց երբե՛ք չմոռնալ տեսած երազը, մա՛նաւանդ անոր փոխանցած պատգամը: