ԽԵԼԱՑԻ ԱՔԼՈՐՆ ՈՒ ԽՈՐԱՄԱՆԿ ԱՂՈՒԷՍԸ
Գիւղի մը մէջ խելացի աքլոր մը կ’ապրէր, որ ամէն առաւօտ կը կանչէր ու կ’արթնցնէր բոլոր գիւղացիները։
Օր մը, երբ Աքլորը ծառի մը վրայ նստած կը հանգստանար, անօթի Աղուէսը կը մօտենայ ծառին եւ վեր նայելով կը տեսնէ զայն։
Աղուէսը կ’որոշէ ուտել Աքլորը, ուստի անոյշ ձայնով մը կ’ըսէ.
«Բարեւ, սիրելի՛ Աքլոր եղբայր, երկինքէն քեզի լուր կը բերեմ։ Նոր օրէնք մը սահմանուած է մեզի համար։ Այսօրուընէ սկսեալ բոլոր թռչուններն ու կենդանիները
բարեկամ պիտի ըլլան եւ միասին խաղաղութեամբ ու համերաշխութեամբ* պիտի ապրին»։
Աքլորը կը զարմանայ ու կը հարցնէ. «Իսկապէ՞ս, ըսածդ ճի՞շդ է»։
Աղուէսը կը պատասխանէ. «Անշուշտ ճիշդ է, եթէ կը փափաքիս փորձել, ինչու՞ վար չես իջներ»։
Այս խօսքին վրայ խելացի Աքլորը կը սկսի մտածել եւ կ’ըսէ. «Վայրկեան մը կրնա՞ս սպասել. մի քանի ընկերներ հասնելու վրայ են»։
«Ասոր ընկերներն ալ իրեն պէս աքլորներ ըլլալու են, աւելի լաւ, մէկի տեղ, մի քանի որս կ'ունենամ» կը մտածէ Աղուէսը ու կ՚ըսէ.
«Սիրով կը սպասեմ, Աքլո՛ր եղբայր»։
Քիչ անց, բարձր հաջոցներ կը լսուին: Աքլորը կ'ըսէ Աղուէսին.
«Եկան, Աղուէ՛ս աղբար, ընկերներս եկան»:
Որսի շուներուն հաջոցները լսելով, Աղուէսը սարսափահար կը փախի։ Խելացի Աքլորը ետեւէն կը կանչէ,
«Այդ ու՞ր կ'երթաս, Աղուէ՛ս աղբար, չէ՞ որ միասին պիտի ապրէինք հաշտ ու խաղաղ...», ու կը շարունակէ ուրախ-զուարթ իր կու-կուլի-կու-ն կանչել:
Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ իմաստութեամբ եւ ճարպիկութեամբ կարելի է սուտը
քօղազերծել* եւ վտանգներու առաջքը առնել։