ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՒ ՍԱՐԴԸ

Արտաւազդ քաջ թագաւոր մըն էր։ Ան յաճախ կը յաղթէր իր թշնամիներուն։ Սակայն օր մը, երբ ան ստիպուած էր քիչ զինուորներով պատերազմելու բազմամարդ* բանակի մը դէմ, կը պարտուի եւ կեանքը փրկելու համար կը ստիպուի լքել թագաւորութիւնը ու փախչիլ։ Ընկճուած ու տխուր, ան կ’ապաստանի* քարայրի մը մէջ։ Երբ աչքերը սեւեռած* էր առաստաղին, իր ուշադրութիւնը կը գրաւէ հետաքրքրական տեսարան մը. փոքրիկ սարդ մը կը փորձէ իր ոստայնը հիւսել, սակայն անընդհատ թել մը կը փրթի եւ սարդը վար կ’իյնայ, բայց չի յուսահատիր եւ նոր թել մը ամրացնելով կը փորձէ անընդհատ* մագլցիլ: Վերջապէս կը յաջողի ամբողջացնել ոստայնը։

Արտաւազդ թագաւոր կը մտածէ.
«Եթէ փոքրիկ սարդ մը կը պայքարի մինչեւ նպատակին հասնիլը, ինչո՞ւ ես պիտի յուսահատիմ։ Ես ալ պէտք է փորձեմ պայքարիլ մինչեւ յաղթեմ»։

Այս մտածումը ուժ կու տայ թագաւորին եւ ան դուրս կ’ելլէ քարայրէն, կը հաւաքէ իր զինուորները եւ քաջաբար կը ճակատի մեծ բանակին դէմ։ Դարձեալ կը պարտուի, բայց չի յուսալքուիր* եւ նորէն կը պատերազմի թշնամիին դէմ։ Բազմաթիւ փորձերէ ետք կը յաղթէ ու կը վերատիրանայ իր թագաւորութեան։

Այս պատմուածքը ցոյց կու տայ, որ յարատեւութիւնը յաջողութեան բանալին է։