ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԽԵԼԱՑԻ ՈՐԴԻՆ

Ժամանակին թագաւոր մը կար, որ երկու որդի ունէր։ Թագաւորը անոնց ուսումնառութիւնը* կը յանձնէ փորձառու ուսուցիչներու, որպէսզի պատրաստուին եւ ապագային անոնցմէ յարմարագոյնը ստանձնէ թագաւորութիւնը։

Մի քանի տարի յետոյ թագաւորը կը հիւանդանայ եւ կ’որոշէ ընտրել իր յաջորդը։ Կ’ուզէ քննութենէ անցընել իր զաւակներուն կարողութիւնը, ուստի կը կանչէ զանոնք եւ իւրաքանչիւրին սենեակ մը կու տայ եւ կ’ըսէ. «Այս սենեակը ամբողջութեամբ պէտք է լեցնէք որեւէ բանով, պայմանաւ որ պարապ տեղ չմնայ»։

Յաջորդ օրը թագաւորը կ’այցելէ երէց որդիին։ Կը տեսնէ, որ սենեակը ամբողջութեամբ խոտով լեցուած է։ Թագաւորը կ’ափսոսայ* երէց որդիին անխելքութեան։

Ապա կ’երթայ կրտսեր որդիին սենեակը, որ գոց էր։ Թագաւորը դուռը կը զարնէ, տղան հօրմէ կը խնդրէ, որ ներս մտնէ եւ դուռը գոցէ։ Սենեակը կատարեալ խաւարի մէջ էր։ Տղան մոմ մը կը վառէ ու կ’ըսէ. «Ես լոյսով լեցուցի այս սենեակը»։ Թագաւորը շատ կ’ ուրախանայ եւ հպարտ կը զգայ իր հնարամիտ կրտսեր որդիով եւ կը գիտնայ, որ ան է յարմարագոյն անձը, որ պիտի կարենար կառավարել իր թագաւորութիւնը։

Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ խելացութիւնն ու հնարամտութիւնը անհրաժեշտ են բարձր դիրքերու հասնելու համար։