ԱԶՆԻՒ ԱՂՋՆԱԿԸ
Արաքս բարի ու աշխատասէր փոքրիկ մըն էր։ Ան հնազանդ էր իր ծնողներուն եւ սիրուած` բոլոր դասընկերներէն։
Սակայն, Արաքսի այս յատկութիւնները, կարգ մը դասընկերներու նախանձը կը գրգռէին*։
Արաքս, Վարդ անունով դասընկերուհի մը ունէր։ Ան Արաքսին նման աշխատասէր չէր, ո՛չ ալ հնազանդ՝ իր ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն։
Վարդ կը նախանձէր Արաքսին եւ կարելին կ’ընէր անոր դէմ չարախօսելու*, բայց հակառակ իր ջանքերուն,
Արաքս կը մնար թէ՛ դասընկերներուն, թէ՛ ուսուցիչներուն նախասիրած աշակերտը։
Արաքս իր ութերորդ տարեդարձին առթիւ, ծնողքէն գեղեցիկ գրիչ մը նուէր կը ստանայ։ Ան գրիչը դպրոց կը տանի եւ ցոյց կու տայ իր դասընկերներուն։
Վարդ երբ կը տեսնէ գրիչը, շատ կը նախանձի, որովհետեւ իր չարութեան եւ անհնազանդութեան պատճառով ինք նման նուէրներ չէր ստանար, ուստի կ’որոշէ գողնալ գրիչը:
Զբօսանքի պահուն, քիչ մը կը յամենայ*
դասարանը եւ Արաքսին գրիչը գողնալով կը դնէ իր պայուսակին մէջ։
Երբ Արաքս դասարան կը վերադառնայ, կ’անդրադառնայ թէ գրիչը չկայ, ուստի ուսուցիչին կը տեղեկացնէ հարցը։
Ուսուցիչը հերթապահէն կը խնդրէ քննել բոլոր աշակերտներուն պայուսակները։ Շատ չանցած գրիչը կը գտնուի Վարդին պայուսակէն։
Ուսուցիչը Վարդը կը յանդիմանէ ու կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ նման արարք մը գործած էր։ Վարդ կը սկսի լալ, որովհետեւ անկարող էր արդարացում մը տալու իր վատ արարքին։
Արաքս, երբ կը տեսնէ Վարդին արցունքները, կը մեղքնայ անոր եւ փոխանակ նեղուելու Վարդէն, ուսուցիչէն կը խնդրէ որ ներէ անոր։
Արաքսին ազնւութիւնը մեծ ազդեցութիւն կ’ունենայ Վարդին վրայ, որ կը գիտակցի, թէ որքա՜ն բարի ու ազնիւ էր ան,
ուստի ներողութիւն կը խնդրէ Արաքսէն եւ ուսուցիչէն։
Այդ օրուընէ սկսեալ Վարդ շատ կը փոխուի եւ կը դառնայ Արաքսին մտերիմ ընկերուհին միշտ փորձելով անոր նման օրինակելի աշակերտ մը ըլլալ։
Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ներողամտութիւնն ու ազնւութիւնը լաւագոյն միջոցներն են անձ մը փոխելու։