ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ

Ժամանակին Արի անունով մանչուկ մը կար։ Ան աղքատ ընտանիքի մը զաւակն էր։ Օր մը, երբ Արի անտառէն փայտ հաւաքած տուն կը վերադառնար, կը տեսնէ ծեր մարդ մը, որ շատ անօթի էր. կ’ուզէ քիչ մը ուտելիք տալ անոր, սակայն ինք ալ ուտելիք չունէր։ Արի կը շարունակէ ճամբան եւ այս անգամ կը տեսնէ եղնիկ մը, որ շատ ծարաւ էր. Արի կ’ուզէ եղնիկին ջուր տալ, բայց քանի որ ջուր ալ չունէր, կը շարունակէ ճամբան։ Քիչ ետք, կը տեսնէ մարդ մը, որ փայտի պէտք ունէր. Արի իր հաւաքած փայտերէն մաս մը մարդուն կու տայ, իսկ ան ալ կը փոխադարձէ քիչ մը ուտելիք եւ ջուր տալով։ Արի անմիջապէս կը վերադառնայ ծեր մարդուն քով, անոր ուտելիք կու տայ, իսկ եղնիկին ալ՝ ջուր։ Ծեր մարդն ու եղնիկը շատ կ’ուրախանան, իսկ Արին ալ ուրախ ու գոհունակ* սրտով տուն կը վերադառնայ։

Որոշ ժամանակ ետք, Արի բլուրէ մը վար կ’իյնայ եւ ոտքին ցաւին սաստկութենէն անկարող կ’ըլլայ տեղէն շարժելու։ Ծեր մարդը, որուն օգնած էր Արի, կը տեսնէ զինք եւ կը փութայ* օգնելու եւ զինք վեր բարձրացնելու։ Եղնիկը, որուն Արի ջուր տուած էր, անոր վէրքերը տեսնելով կ’երթայ եւ անտառէն բուժիչ խոտեր կը բերէ։ Արիին վէրքերը կը բուժուին, այսպիսով բոլորն ալ ուրախ կ’ըլլան իրարու օգտակար դարձած ըլլալով։

Ուրեմն սիրելինե՛ր, այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ երբ մեր կարելին կ՚ընենք ուրիշին օգտակար ըլլալու համար, մեր այս բարիքը անպայման օր մը կը փոխադարձուի մեզի։