ՈՒՍՈՒՑԻՉԻՆ ՀՆԱՐՔԸ

Վահան 12 տարեկան էր: Ան 7-րդ դասարանի նորեկ աշակերտ մըն էր Սահակ Պարթեւեան դպրոցին մէջ: Սակայն, զբօսանքին ոչ ոքի հետ կը խօսակցէր, ընկերներուն խաղերուն չէր մասնակցեր: Անկիւն մը քաշուած, լուռ ու տխուր՝ կը դիտէր շրջապատը: Հազուադէպ*, պզտիկ ժպիտ մը կ'երեւէր դէմքին: Դասընկեր-դասընկերուհիները շա՜տ փորձած էին, որ ան մասնակցի իրենց խաղերուն, զրոյցներուն, բայց՝ ապարդիւն: Ան կը մնար ինքնամփոփ* աշակերտ մը: Նոյնիսկ դասարանին մէջ կը պատասխանէր միայն իրեն ուղղուած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու հարցումներուն:

Պարոն Հրաչ, որ եօթերորդ դասարանի դաստիարակն էր, կը նկատէ անոր այս վիճակը եւ կը թելադրէ Վահանին, որ իր գրասենակը հանդիպի։ Միւս ուսուցիչներն ալ մտահոգ էին անոր այս վիճակով եւ կ'ուզէին գիտնալ պատճառը, որ օգնեն իրեն:

– Քեզ միշտ լուռ ու տխուր կը տեսնեմ,- կ'ըսէ դաստիարակը, երբ Վահան երկրորդ զբօսանքին կը մտնէ պարոն Հրաչի գրասենեակը, - ո՛չ մէկուն հետ կը խօսիս, ո՛չ մէկ բանի հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցնես։ Ի՞նչ է պատճառը։

Վահան՝ ամչնալով, ցած ձայնով կը պատասխանէ.

– Ես դժուար կեանք մը ունեցած եմ, շա՜տ տխուր դէպքեր պատահած են ինծի, եւ միշտ անոնց մասին կը մտածեմ ու չեմ կրնար կեդրոնանալ որեւէ բանի վրայ, ոչ ալ տրամադրութիւն ունիմ մէկու մը հետ խօսելու։

Եւ այսպէս, Վահան, կամաց-կամաց քաջալերուելով, յաջորդ քանի մը օրերուն իր սիրտը ամբողջութեամբ կը բանայ* դաստիարակին:

Պարոն Հրաչ ուշադրութեամբ եւ համբերութեամբ կ'ունկնդրէ անոր, եւ շաբաթ մը ետք իր տունը կը հրաւիրէ զայն։ Որոշեալ օրը Վահան կ’երթայ ուսուցիչին տունը։ Ուսուցիչը կը հարցնէ, եթէ լեմոնի օշարակ խմել կը փափաքի. Վահան սիրով կ’ընդունի։ Պարոն Հրաչ դիտմամբ օշարակին մէջ քիչ մը շաքար եւ... շատ աղ կը դնէ։ Վահան, երբ կը համտեսէ խմիչքը, երեսը կը ծամածռէ

– Ի՞նչ է, չսիրեցի՞ր,- կը հարցնէ ուսուցիչը:

– Այս օշարակը աղի է,- կ'ըսէ Վահան։

Ուսուցիչը կ’առաջարկէ թափել եւ նորը պատրաստել, բայց Վահան կ’ըսէ.

– Պարո՛ն, պէտք չունիք թափելու, եթէ շաքար աւելցնենք, շատ լաւ կ’ըլլայ:

Այս խօսքին վրայ ուսուցիչը կը ժպտի եւ կ’ըսէ.

– Ա՛յս է որ կ’ուզէի լսել քեզմէ, Վահա՛ն։ Հիմա բաղդատենք այս ըսածդ քու կեանքիդ հետ։ Օշարակը երբ որ պատրաստուած-վերջացած է, անոր համը բարելաւելու համար, այլեւս չենք կրնար աղը հանել անկէ, բայց շաքար աւելցնելով՝ կրնանք հարցը լուծել։ Նոյնպէս, մենք չենք կրնար տխուր պատահարները հեռացնել մեր կեանքէն, բայց կրնանք ցաւն ու վիշտը* մեղմացնել, նոյնիսկ հետզհետէ ջնջել՝ նոր եւ ուրախ փորձառութիւններ աւելցնելով։ Եթէ շարունակ ափսոսանք ու լանք մեր անցեալին վրայ, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ ալ մեր ապագան փայլուն պիտի ըլլայ։

Պարոն Հրաչին այս խօսքերը շատ ազդեցին Վահանի վրայ: Նոյն իրիկունը եւ յաջորդ օրերուն, ան երկա՜ր մտածեց այդ մասին եւ որոշեց փոխուիլ: Սկսաւ խօսակցիլ ընկերներուն հետ, կամաց-կամաց սկսաւ մասնակցիլ անոնց խաղերուն, դարձաւ աւելի համարձակ ու ընկերային անձ մը: Երբ բարեկամները իրեն հարցընէին, թէ ինչի շնորհիւ ինք այդպէս փոխուեցաւ, ան ժպտելով կը պատասխանէր. «օշարակին մէջի աղին շնորհիւ»:


Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։

  1. Ուսուցիչը ինչո՞ւ աշակերտը իր տունը կը հրաւիրէ։
  2. Ուսուցիչը ինչո՞ւ օշարակին մէջ շատ աղ կը դնէ։
  3. Ի՞նչ է այս պատմուածքին պատգամը։