ԿԱՐԷՆԻՆ ԲԱՐԻ ԳՈՐԾԸ

Ծնունդի օրն էր։ Օդը չափազանց ցուրտ ու անձրեւոտ էր։ Կարէն, որ 12 տարեկան պատանի մըն էր, երբ իր սենեակի պատուհանէն դուրս կը դիտէր, տեսաւ ցնցոտիներ* հագած ծերունի մը, որ փողոցին անկիւնը՝ պատի մը տակ նստած, կը փորձէր պատսպարուիլ* փչող քամիէն ու անձրեւէն։ Կարէն, որ վերջերս ուսուցչուհիէն լսած էր բարի գործ կատարելու կարեւորութեան մասին, որոշեց ուսուցչուհիին թելադրանքը* գործադրել եւ օգտակար ըլլալ ծերունիին։

Կարէն, բաւական մտածելէ ետք, գտաւ մեծ տուփ մը, մէջը դրաւ հաստ ծածկոց մը, բրդեղէն հագուելիք մը եւ ձեռնոցներ։ Իր խնայողութեամբ հաւաքած դրամով, մօտակայ հանրախանութէն գնեց ուտեստեղէն, պտուղ եւ քաղցրեղէն։ Բոլորը ծրարելէ եւ տուփին մէջ լեցնելէ ետք, ուղղուեցաւ դէպի ծերունին։

Երբ մօտեցաւ անոր եւ տուաւ տուփը, ծերունին պահ մը ապշած նայելով անծանօթ պատանիին, հարցուց.
«Ի՞նչ կայ այս տուփին մէջ եւ ինչո՞ւ ինծի կու տաս»։
Կարէն պատասխանեց. «Բարի Ծնունդ, պապի՛կ, այս տուփը իմ կողմէս քեզի նուէր է, որովհետեւ որոշեցի Ծնունդի օրը բարի գործ մը ընել եւ քեզ ուրախացնել»։

Ծերունին շատ յուզուեցաւ, աչքերը արցունքոտեցան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարէնին, անոր ազնիւ արարքին համար։ Կարէն աճապարեց հեռանալ ծերունիին քովէն, որովհետեւ ինք եւս յուզուած էր, բայց միաժամանակ հպարտ էր իր կատարած բարի գործին համար, որ իրեն մեծ բաւարարութիւն* եւ գոհունակութիւն պատճառեց։

Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ բարի գործին կարեւորութիւնը եւ անոր պատճառած ուրախութիւնը նաեւ բարի գործը կատարողին։