ՔԱՐԱԿՈՓԸ
Ժամանակին քարակոփ* մը կ’ապրէր փոքր գիւղի մը մէջ։
Ամբողջ օրը կ’աշխատէր, քարեր կը կտրէր եւ անոնց կու տար յաճախորդներուն պահանջած ձեւը։ Ձեռքերը կոշտացած էին, իսկ հագուստները՝ աղտոտ ու պատռտուած։
Տաք օր մը, երբ մեծ ու կարծր քարի մը վրայ կ’աշխատէր, յոգնութենէն ու տաքէն կը թմրի ու կը քնանայ։
Երազին մէջ կը տեսնէ, թէ թագաւորին շքախումբը* կ’անցնի քովէն։
Քարակոփը կը մտածէ, թէ ի՜նչ լաւ է թագաւոր ըլլալը։
Այդ վայրկեանին տարօրինակ բան մը կը պատահի եւ քարակոփը ինքզինք կը գտնէ մետաքսեայ հանդերձներու* մէջ,
փառաւորապէս նստած թագաւորին տեղը եւ պահակներով շրջապատուած։ Կը մտածէ, թէ ի՜նչ հաճելի է թագաւոր ըլլալը եւ ծառաներ ունենալը։
Շքերթը* կը յառաջանայ, արեւին ջերմութիւնը կ’աւելնայ եւ թագաւորը կը սկսի անհանգստանալ։
Կը հրամայէ, որ կանգ առնեն ու հանգչին։ Սակայն արեւը հետզհետէ աւելի կիզիչ կը դառնայ։
Թագաւորը կը մտածէ, թէ ճիշդ է որ ինք ուժեղ է, բայց արեւը ա՛լ աւելի զօրաւոր է, ուստի կը փափաքի արեւ ըլլալ։
Նոյն վայրկեանին իսկ թագաւորը արեւի կը վերածուի եւ կը սկսի ճառագայթել. դաշտեր ու ծովեր կ’այրէ իր շողերով. օդին տաքութենէն ովկիանոսին ջուրը կը շոգիանայ ու մեծ ամպ մը կը կազմուի, որ կը ծածկէ երկիրը։
Արեւը կը փորձէ ամպին մէջէն տեսնել երկիրը, բայց չի յաջողիր։ Ուստի կը մտածէ, թէ ամպը աւելի զօրաւոր էր եւ աւելի լաւ է ամպ ըլլալ։ Դարձեալ փափաքը կը կատարուի եւ ամպի կը վերածուի։
Յորդ* անձրեւ կը տեղացնէ երկրին վրայ. բոլոր ծառերն ու տուները հեղեղելով կը քշէ ու կը տանի.
հաստատ կը մնայ միայն այն քարը, որուն վրայ կ’աշխատէր քարակոփը։ Ուրեմն ամպը կը մտածէ, որ այդ քարը իրմէ զօրաւոր է, ուստի կը փափաքի ժայռ ըլլալ: Երբ ժայռ կ'ըլլայ, իր վրայ կը զգայ քարակոփին մուրճին սուր ու ցաւցնող հարուածները, ուստի կը փափաքի քարակոփ ըլլալ։ Անշուշտ այդ փափաքն ալ կը կատարուի եւ կրկին կը վերածուի քարակոփի ու գործիքները առնելով ուրախութեամբ կը վերսկսի աշխատիլ։
Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
- Թագաւորը ինչո՞ւ փափաքեցաւ արեւ դառնալ։
- Արեւը ինչո՞ւ փափաքեցաւ ամպի վերածուիլ։
- Ի՞նչ է այս պատմուածքին պատգամը։