ՆԱՒԱԲԵԿԵԱԼԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

Ճամբորդական նաւ մը կը խորտակուի փոթորիկի մը պատճառով։ Միայն երկու մարդ կը յաջողին լողալով ամայի կղզի մը հասնիլ։ Երկու վերապրողները կը գիտակցին, թէ Աստուծոյ աղօթելէ զատ ուրիշ ընելիք չունին։
Որպէսզի գիտնան, թէ որո՞ւ աղօթքը աւելի զօրաւոր է, նաւաբեկեալները* կը համաձայնին իրարմէ հեռանալ եւ իւրաքանչիւրը կ’ուղղուի կղզիին երկու հակադիր ծայրամասերը։
Առաջին մարդը կ’աղօթէ եւ նախ Աստուծմէ ուտելիք կը խնդրէ։ Յաջորդ առաւօտ ան կը տեսնէ պտուղներով ծանրաբեռնուած ծառ մը, որմէ քաղելով կ’ուտէ մինչեւ որ կշտանայ։ Սակայն միւս մարդուն կողմը նման ծառ չկար։ Շաբաթ մը ետք առաջին մարդը առանձին կը զգայ, ուստի կ’աղօթէ որ Աստուած իրեն կին մը ղրկէ։

Յաջորդ օրն իսկ ուրիշ նաւ մը կը խորտակուի եւ միակ վերապրողը կ’ըլլայ կին մը, որ լողալով կը հասնի իր մօտ։ Ապա առաջին մարդը կ’աղօթէ տունի, հագուստեղէնի եւ այլ բաներու համար, որոնց բոլորին Աստուած կ’ընդառաջէ։ Վերջապէս ան Աստուծմէ նաւ մը կը խնդրէ, որպէսզի ինք ու կինը կարենային հեռանալ կղզիէն։ Առաւօտուն, ծովափին մօտ, ան նաւ մը կը գտնէ. անմիջապէս կնոջ հետ նաւ կ’ելլէ եւ կ’որոշէ երկրորդ մարդը կղզիին վրայ ձգել ու մեկնիլ, որովհետեւ իր կարծիքով ան արժանի չէր Աստուծոյ օրհնութեան, նկատի ունենալով որ անոր բոլոր աղօթքները անպատասխան մնացեր էին։
Երբ նաւը ճամբայ պիտի ելլէր, առաջին մարդը երկինքէն ձայն մը կը լսէ որ կ’ըսէր. «Ինչո՞ւ ընկերդ կղզիին վրայ կը ձգես»։ Ան կը պատասխանէ. «Աստուծոյ օրհնութիւնները միայն ինծի համար են, որովհետեւ Աստուած միայն ի՛մ աղօթքներուս ընդառաջեց, մինչ անոր աղօթքները անպատասխան մնացին։ Ուրեմն ան արժանի չէ որեւէ օգնութեան»։ Ձայնը կ’ըսէ. «Դուն կը սխալիս, ան ինձմէ միայն մէկ խնդրանք ունեցաւ, որուն ես գոհացում տուի, որովհետեւ իր անձին համար չէր, եւ եթէ անոր աղօթքը կամ խնդրանքը չըլլար, դուն որեւէ օրհնութիւն պիտի չստանայիր»։
Առաջին մարդը զարմացած կը հարցնէ. «Ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ էր անոր աղօթքը, որուն կը պարտիմ ամէն ինչ»։

Ձայնը կը պատասխանէ. «Ան խնդրեց, որ ես քու բոլոր խնդրանքներուդ ընդառաջեմ…»։