Բազէն Եւ Ճիւղը
Ժամանակին թագաւոր մը կար, որ ունէր երկու բազէներ։ Անոնք շատ գեղեցիկ էին, այդ պատճառով թագաւորը անոնց խնամքը կը յանձնէ մասնագէտի մը։ Ամիսներ ետք մասնագէտը թագաւորին կը տեղեկացնէ, թէ հակառակ որ բազէներէն մէկը շատ լաւ կը թռչէր, սակայն միւսը ճիւղին վրայէն չէր շարժեր։
Թագաւորը ամէն կարելի միջոց փորձելէ ետք, ճարահատ*,
պալատականներուն կը հրահանգէ գիւղացի մը բերել, որ թերեւս իր փորձառութեամբ կարենայ բազէն մղել թռչելու։
Յաջորդ առաւօտ թագաւորը շատ կ՛ուրախանայ, երբ կը տեսնէ, թէ բազէն արդէն իսկ կը թռչէր։
Կը հրահանգէ*, որ իր մօտ բերեն այն գիւղացին, որ կրցաւ բազէն թռչիլ տալ։
Թագաւորը կը հարցնէ գիւղացիին, թէ ինչպէս յաջողեցաւ բազէն թռչելու մղել*,
երբ մասնագէտներ ձախողեցան։ Գիւղացին կը պատասխանէ.
- Շատ դիւրին էր, ես պարզապէս կտրեցի այն ճիւղը, որուն վրայ նստած էր բազէն։
Ուրեմն սիրելինե՛ր, այս պատմութիւնը ցոյց կուտայ թէ յաճախ դժուար կարծուած հարց մը կարելի է տրամաբանութեամբ լուծել։