ՊԱՐԻԿԻՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՆՈՒԷՐԸ
Երկու փոքրիկներ՝ Նարեկ եւ Կարէն, կը խաղային միասին, երբ պարիկ մը յանկարծ կ’երեւնայ ու կ’ըսէ.
«Ես եկած եմ ձեզի Նոր տարուան առթիւ նուէր մը տալու», ապա իւրաքանչիւրին ծրար մը տալով կ’անյայտանայ։
Նարեկ եւ Կարէն կը բանան ծրարները եւ կը տեսնեն գեղեցիկ կազմով գիրքեր՝ որոնց էջերը սակայն
ձիւնասպիտակ* էին՝ ոչինչ կար գրուած կամ գծուած:
Ամիսներ կ’անցնին եւ Պարիկը դարձեալ կը յայտնուի ու կ’ըսէ.
«Ես ձեզի ուրիշ գիրքեր բերի»։
Նարեկ կ’ըսէ.
«Կրնա՞մ իմ գիրքս քիչ մը եւս պահել, կ’ուզէի վերջին էջին վրայ բան մը գծել»։
Պարիկը կը պատասխանէ, որ կարելի չէ եւ ինք եկած է նախորդ գիրքերը առնելու ինչպէս որ են։ Կարէն նոյնպէս կ’ուզէ պահել նախորդ գիրքը ըսելով, որ երբ նոր էջ մը դարձնէ, կարելի չ’ըլլար նախորդ էջին վերադառնալ։
Պարիկը գրպանէն փոքր լամբ մը կը հանէ ու գիրքերուն պարապ էջերուն ետին բռնելով կ’ըսէ տղոց.
«Նայեցէք ձեր գիրքերուն էջերուն»։
Նարեկ ու Կարէն զարմանքով կը տեսնեն, որ կարգ մը էջեր շատ գեղեցիկ են՝ վարդերով ու սիրուն ծաղիկներով զարդարուած,
մինչ ուրիշներ՝ շատ տգեղ են՝ սեւ բիծերով լեցուն։
Պարիկը կ’ըսէ.
«Հիմա կը բացատրեմ ձեզի, թէ ինչու կարգ մը էջեր տարբեր են միւսներէն։ Ուրեմն, երբ բարի ըլլաք եւ օգտակար գործ մը կատարէք, այդ օրուան ձեր էջը գեղեցիկ կ’ըլլայ, իսկ եթէ չարութիւն ընէք եւ անհնազանդ ըլլաք ձեր ծնողքին, ձեր էջը տգեղ կ’ըլլայ»։
Նարեկ ու Կարէն շատ կը խնդրեն, որ այդ գիրքերը գոնէ մի քանի օր իրենց քով մնան, որպէսզի տգեղ էջերը փոխեն, բայց Պարիկը կ’ըսէ.
«Այդ կարելի չէ, բայց ահա, ես ձեզի համար բերի երկու նոր գիրքեր, ուստի փորձեցէ՛ք զանոնք գեղեցիկ էջերով լեցնել»։
Պարիկը կրկին կ’անյայտանայ, իսկ երկու ընկերները կ’որոշեն ջանալ իրենց նոր գիրքը գեղեցիկ էջերով լեցնելու։
Սիրելինե՛ր, այս պատմուածքը ցոյց կու տայ, որ կարելի չէ ջնջել մեր վատ արարքները եւ շատ կարեւոր է, որ ջանանք բարի եւ օգտակար գործերով լեցնել մեր օրերը։