ԴԵՒԱՁՈՒԿԻՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ժամանակին ամչկոտ եւ բարի դեւաձուկ (ութնոտն) մը կար։ Ան միշտ առանձին էր, հակառակ որ կը փափաքէր ընկերներ ունենալ։
Օր մը, երբ դեւաձուկը կը փորձէր լպրծուն* ոստրէ մը բռնել, իր ոտքերը կապուեցան եւ անշարժացաւ։ Դեւաձուկը փորձեց անցնող ձուկերէն օգնութիւն խնդրել, սակայն ի զուր, բոլորը կ’անցնէին անտեսելով զինք։ Ի վերջոյ փոքրիկ ձուկ մը օգնութեան հասաւ եւ ազատեց զինք։ Դեւաձուկը շնորհակալութիւն յայտնեց փոքրիկ ձուկին, ապա լողալով հեռացաւ։

Մի քանի օր ետք, երբ դեւաձուկը կը հանգչէր ժայռերուն մէջ, նկատեց թէ բոլոր շուրջինները աճապարանօք կը փախէին։ Երբ փորձեց հասկնալ պատճառը, տեսաւ թէ հսկայ ձուկ մը կը մօտենար ժայռերուն։ Անմիջապէս պահուըտելով, սկսաւ ժայռերուն ճեղքերէն նայիլ եւ տեսաւ թէ այդ մեծ ձուկը կը հալածէր իրեն օգնած փոքրիկ ձուկը։ խեղճը օգնութեան կոչեր կ’արձակէր, սակայն վախնալով հսկայ ձուկէն, ոչ մէկ այլ ձուկ կը համարձակէր մօտենալ ազատելու համար փոքրիկ ձուկը։ Դեւաձուկը յիշելով փոքրիկ ձուկին ըրած բարիքը, որոշեց կարելին ընել անոր օգնելու համար։ Ուստի առանց տատամսելու ժայռէն դուրս սուրաց, անցաւ մեծ ձուկին առջեւէն ու բռնելով փոքրիկ ձուկը զայն բերաւ ու պահեց ժայռերուն խոռոչներուն մէջ։ Այս բոլորը այնքան արագօրէն պատահեցան, որ մեծ ձուկը ժամանակ չունեցաւ հակազդելու*, հետեւաբար լողալով հեռացաւ։

Մեծ ձուկին հեռանալէն ետք, բոլոր պահուըտած ձուկերը եկան ու շնորհաւորեցին դեւաձուկը իր քաջութեան համար։ Փոքրիկ ձուկը անոնց պատմեց մի քանի օր առաջ պատահածին մասին, աւելցնելով թէ ինք երբեք չէր ակնկալեր որ դեւաձուկը առ ի երախտագիտութիւն, նման վտանգաւոր քայլ մը պիտի առնէր ազատելու համար իր կեանքը։ Այս լսելով, բոլոր ձուկերը անդրադարձան, թէ դեւաձուկը որքան բարի ու ազնիւ էր, ուստի բոլորն ալ փափաքեցան անոր բարեկամները ըլլալ։
Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ երախտագիտութիւնը գովելի առաքինութիւն մըն է եւ բարեկամութեան հիմերէն մէկն է։