ԽԵԼԱՑԻ ՊԱԼԱՏԱԿԱՆԸ
Ժամանակին թագաւոր մը կար, որ շատ կը սիրէր հանելուկներ հարցնել իր պալատականներուն։
Ան յաճախ շատ տարօրինակ հարցումներ կը հարցնէր, որոնց պատասխանելը շատ դժուար կ’ըլլար։
Օր մը, թագաւորը այնպիսի տարօրինակ հարցում մը կը հարցնէ, որ պալատականներէն ոչ ոք կրնայ պատասխանել։
Թագաւորը մէկ առ մէկ բոլորին կը նայի, իսկ անոնք կը ծռեն իրենց գլուխները չկարենալով գտնել հանելուկին պատասխանը։
Այդ միջոցին, ներս կը մտնէ իր սրամտութեամբ նշանաւոր պալատական մը։
Ան գիտնալով թագաւորին սովորութիւնը, կ’ըսէ.
«Կրնա՞մ գիտնալ հանելուկը, որ փորձեմ պատասխանել»։
Թագաւորը կ’ըսէ. «Քանի՞ ագռաւ կայ մեր քաղաքին մէջ»։
Խելացի պալատականը անմիջապէս կը պատասխանէ. «Յիսուն հազար չորս հարիւր ութսունվեց ագռաւ կայ, ո՛վ տէր»։
Թագաւորը կը հարցնէ. «Ինչպէ՞ս կրնաս այսքան վստահ ըլլալ»։
Պալատականը կը պատասխանէ. «Կրնաս մարդոցդ ղրկել եւ հաշուել տալ, եթէ աւելի ագռաւներ գտնեն, կը նշանակէ որ կարգ մը ագռաւներ այցելութեան եկած են իրենց
ազգականներուն քով, իսկ եթէ նուազ ագռաւներ գտնեն, կը նշանակէ որ ագռաւներէն մաս մը այցելութեան գացեր են իրենց ազգականներուն քով»։
Թագաւորը շատ գոհ կը մնայ սրամիտ պալատականին պատասխանէն եւ կը
պարգեւատրէ* զայն։
Սիրելինե՛ր, այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ սրամտութեամբ կարելի է նոյնիսկ ամէնէն դժուար հարցերուն պատասխան գտնել։