ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ
Սարօ տասնչորս տարեկան պատանի մըն էր, որ հակառակ խելացի ըլլալուն, ծոյլ էր եւ չէր սիրեր դաս սորվիլ։
Անընդհատ կը գանգատէր դասերուն դժուարութենէն ու շատ ըլլալէն եւ կը փափաքէր օր առաջ գործի ասպարէզ նետուելով՝ ազատիլ դասերէն։
Օրիորդ Յասմիկ Սարոյին դաստիարակն ու հայերէնի ուսուցչուհին էր։ Ան յաճախ կը փորձէր Սարօն դաս սորվելու մղել, որպէսզի ան իր կարողութիւնները արժեւորելով,
աշխատէր դպրոցին մէջ եւ ի վերջոյ հասնէր ուսման բարձր մակարդակի։
Սարոյին ծնողքը՝ անուս ու համեստ մարդիկ, անկարող էին իրենց զաւկին ուսման ճիշդ ուղղութիւն տալ։ Օգտուելով ասկէ, Սարօ, տարեշրջանի աւարտին,
դպրոցի տնօրէնութեան կը տեղեկացնէ թէ յաջորդ տարի մտադրած է դպրոց չվերադառնալ։ Օրդ. Յասմիկ շատ կը փորձէ
տարհամոզել* Սարօն, սակայն ի զուր։
Յաջորդ տարեշրջանին սկիզբը, երբ Օրդ. Յասմիկ Սարօն չի տեսներ դպրոցէն ներս, կը գիտնայ թէ ան գործադրած է իր որոշումը եւ ուսումը կէս ձգած է։
Օրդ. Յասմիկ շատ կը նեղուի եւ կ’որոշէ անպայման միջոց մը գտնել զայն դպրոց վերադարձնելու։
Սարօ սկիզբը շատ ուրախ էր, որ ազատած էր դաս սորվելու «ծանր բեռ» էն եւ իբրեւ աշկերտ կ’աշխատէր վաճառատան մը մէջ, ուր ստիպուած էր առաւօտ կանուխ գործի երթալ եւ աւլել վաճառատունը, ապա կատարել պաշտօնեաներուն հրահանգները։
Օրդ. Յասմիկ ձեւով մը կը գտնէ Սարոյին աշխատած վաճառատան հասցէն եւ օր մը, առաւօտուն, դպրոց չգացած, կ’երթայ Սարոյին աշխատավայրը, ուր ան վաճառատունը կ’աւլէր։ Սարօ, երբ հեռուէն կը տեսնէ ուսուցչուհին, կը փորձէ պահուըտիլ, որպէսզի ան զինք չտեսնէր աւելը ձեռքին, սակայն ուշ էր, Օրդ. Յասմիկ արդէն տեսած էր զինք եւ մօտենալով իրեն կ՚ըսէ. «Սարօ՛, ա՞յս էր ուզածդ. ճիշդ է որ որեւէ աշխատանք ամօթ չէ, սակայն դուն առիթը եւ
կարողութիւնը ունիս ուսումդ շարունակելով փայլուն ապագայ մը ունենալու։ Լաւ մտածէ, երբ տակաւին ուշ չէ»։
Սարօ այս խօսքերուն վրայ կը սկսի մտածել, թէ ուսուցչուհին իրաւունք ունէր եւ ինք պէտք է շարունակէր ուսումը։ Ուստի կ’որոշէ վերադառնալ դպրոց։
Տարիներ կ’անցնին։ Սարօ կ՚աւարտէ դպրոցը, նաեւ՝ համալսարանը, կը դառնայ
ճարտարագէտ*,
կը տիրանայ բարձր պաշտօններու եւ երբեք չի մոռնար այցելելու եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու իր սիրելի ուսուցչուհիին, որ յաջողած էր զինք սխալ ճամբէն վերադարձնել։
Ուրեմն սիրելինե՛ր, այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ պատանիներ երբեմն սխալ որոշումներ կ’առնեն եւ որքա՜ն կարեւոր է ուսուցիչներու դերը զիրենք ճիշդ ուղիին առաջնորդելու մէջ։