ԽԵԼԱՑԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ
Ժամանակին սնապարծ* թագաւոր մը կար, որ երեք աղջիկ ունէր։ Օր մը կը հարցնէ անդրանիկ աղջկան.
- Ըսէ՛ տեսնեմ աղջիկս. ես ինչպիսի՞մէկն եմ։
Աղջիկը կը պատասխանէ.
-Դուն, սիրելի՛ հայրիկ, կը նմանիս արեւուն, որ կը տիրապետէ երկնակամարին*։
Թագաւորը ուրախանալով կ’ըսէ.
- Ապրի՛ս աղջիկս, շատ գոհ եմ քեզմէ։ Ապա դառնալով միջնեկ աղջկան, կ’ըսէ.
- Դու՞ն ինչ պիտի ըսես։
- Սիրելի՛ հայրիկ,- կ’ըսէ միջնեկը,- դուն կը նմանիս լուսինին եւ աստղերուն, որոնք կը լուսաւորեն խաւար գիշերները։
Թագաւորը դարձեալ գոհ կը մնայ այս պատասխանէն ու կը դառնայ կրտսեր աղջկան եւ նոյն հարցումը կը հարցնէ։ Կրտսեր իշխանուհին քիչ մը մտածելէ ետք, կը պատասխանէ.
- Աղի՛ կը նմանիս, հայրիկ։
Թագաւորը զայրացած կ’ըսէ.
- Այդ ի՞նչ խօսք է, զիս աղի՞ կը նմանցնես։
Ապա շուրջիններուն դառնալով կը հրամայէ բարձրաձայն.
- Անմիջապէս հեռացուցէ՛ք պալատէս սա անպատկառ* աղջիկը։
Խեղճ իշխանուհին կը տանին ու կը ձգեն հեռաւոր անտառ մը։ Հոն, աղջիկը կու լար ու ինքնիրեն կ’ըսէր, թէ հայրը չէր գիտեր աղին կարեւորութիւնը, թէ ինչպէս ամենէն լաւ եփած ճաշերն անգամ, առանց աղի անհամ կ’ըլլան։
Այդ միջոցին, պարիկ մը ցատկռտելով կը մօտենայ իշխանուհիին ու կ’ըսէ.
- Մի՛ լար, սիրելի՛ իշխանուհիս, ես պիտի օգնեմ քեզի։
Այսպէս ըսելէ ետք, բարի պարիկը քանի մը անգամ կը սուլէ եւ հազարաւոր եղնիկներ կը հասնին իր մօտ։
Պարիկը կը հրահանգէ եղնիկներուն որ երթան թագաւորին քաղաքը եւ այնտեղի բոլոր աղերը սպառեն*։
Եղնիկները, որոնք աղ շատ կը սիրեն, արագօրէն կ’երթան թագաւորին ապրած քաղաքը եւ բոլոր աղերը լափելով կը լմնցնեն։
Յաջորդ օրը, երբ թագաւորը ճաշի կը նստի, ծառաները նախ ապուր կը բերեն սեղան.ապուրը համտեսելէ ետք, թագաւորը բարկացած կը գոչէ.
- Այս ի՜նչ անհամ ապուր է։ Ո՞ր անխելքը աղ չէ դրած անոր մէջ։ Ծառաները կը տեղեկացնեն թագաւորին, թէ աղը հատած էր եւ կարելիութիւնը չունէին աղ ճարելու։
Այս խօսքերը լսելով, թագաւորը կ’անդրադառնայ իր սխալին, ուստի կը հրամայէ, որ իր խելացի աղջիկը գտնեն ու բերեն պալատ։ Մինչ այդ, եղնիկ մը արդէն կռնակը առած էր իշխանուհին ու զայն բերած էր պալատ։
Թագաւորը, երբ կը տեսնէ իր իմաստուն աղջիկը, կը համբուրէ զայն ըսելով.
-Սիրելի՛աղջիկս, դո՛ւն ես ամենախելացի աղջիկս, ինծի աղուոր դաս մը տուիր եւ փաստեցիր որ նոյնիսկ ես սխալական եմ։
Այդ օրէն ետք, թագաւորը կ’ըլլայ աւելի խոհեմ* ու իմաստուն։
Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ երբեմն աննշան կարծուած բաներ որքա՜ն մեծ կարեւորութիւն ունին։