ՔԱՂԱՔԻ ԵՒ ԳԻՒՂԻ ՄՈՒԿԵՐԸ

Քաղաքացի մուկ մը այցելութիւն կու տայ իր ընկերոջ, որ գիւղը կ’ապրէր։ Գիւղացի մուկը կ՚ուրախանայ զայն տեսնելով, ուստի կը ջանայ լաւագոյնս հիւրասիրել ընկերը եւ իր կարողութեան համեմատ սեղան մը կը շտկէ։ Քաղաքացի մուկը արհամարհանքով կը նայի ուտելիքներուն եւ կ’ըսէ. «Դուն այսպէ՞ս կ’ապրիս, ըստ երեւոյթին գիւղի կեանքը աղքատ է»։

Այս ըսելով, կարելին կ’ընէ համոզելու գիւղացի ընկերը, որ իրեն ընկերանալով քաղաք երթայ եւ տեսնէ քաղաքին առաւելութիւնները։ Գիւղացի մուկը կը համոզուի եւ ապրանքները ծրարելով ընկերոջ հետ ճամբայ կ’ելլէ դէպի քաղաք։ Երբ կը հասնին, գիւղացի մուկը կը զարմանայ տեսնելով քաղաքին ճոխութիւնը։

Քաղաքացի մուկը խնճոյք մը կը սարքէ ի պատիւ ընկերոջ, սակայն հազիւ կը սկսին վայելել ընտիր պանիրներն ու մսեղէնները, երբ յանկարծ կատու մը կը ցատկէ պատուհանէն ներս։ Մուկերը սարսափած իրենց ծակը կը մտնեն, իսկ կատուն կը լափէ համեղ ուտելիքները։ Երբ կշտացած կատուն կը հեռանայ, մուկերը դուրս կու գան ծակէն. գիւղացի մուկը կ’ըսէ ընկերոջ. «Ես պիտի վերադառնամ իմ գիւղս, որովհետեւ կը նախընտրեմ ապահովութեան մէջ հանգիստ միտքով համեստ ճաշ մը ուտել, քան՝ վտանգի տակ ճոխ ու ընտիր ուտելիքներ»։

Ուրեմն սիրելինե՛ր, այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ կեանքի մէջ ճոխութիւնը եւ ամէն ինչ ունենալը ամենէն կարեւոր բաները չեն։