ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀՆԱՐՔԸ

Ժամանակին, թագաւոր մը,փորձելու համար իր հպատակները, հսկայ քար մը զետեղել* կու տայ ճամբուն մէջտեղը։ Ան, ծպտուած ու պահուըտած, կը հետեւի անցորդներուն, պարզապէս գիտնալու համար, թէ ո՛վ պիտի մտածէ ժայռը ճամբուն մէջտեղէն վերցնելու մասին։

Թագաւորին բարեկամները, վաճառականներ եւ այլ հպատակներ, բոլորն ալ կ՚անցնին ժայռին քովէն, բայց ո՛չ մէկը կը փորձէ ժայռը տեղէն շարժել։ Շատեր նոյնիսկ կը մեղադրեն* թագաւորը, որ չի հրահանգեր ժայռը տեղէն վերցնել։

Օր մըն ալ, բանջարեղէններով բեռնաւորուած գիւղացի մը կ՚անցնի նոյն ճամբէն։ Տեսնելով ժայռը ճամբուն մէջտեղը, ան իր բեռը մէկ կողմ կը դնէ եւ կը փորձէ շարժել ժայռը։

Բաւական ջանքէ ետք, վերջապէս կը յաջողի ժայռը ճամբուն եզերքը հրել։ Յանկարծ ժայռին տակը տեղադրուած արկղ մը կը նկատէ, որու մէջ բազմաթիւ ոսկիներ կային։ Կար նաեւ գրութիւն մը թագաւորին կողմէ, որ կ՚ըսէր թէ ոսկիները կը պատկանին ա՛յն անձին, որկը մտածէր ու կը յաջողէր ժայռը ճամբէն հեռացնել։

Այսպիսով, գիւղացին կը հարստանայ եւ կը սորվի, թէ ո՛վ որ կը յաջողի արգելքներ վերացնել, առիթ կ՚ունենայ բարելաւելու իր վիճակը։