ԽՆՁՈՐԵՆԻՆ
Հրակ տասը տարեկան մանչուկ մըն էր, որ շատ կը սիրէր խնձոր ուտել։ Ան ամէն օր, երբ խաղալու երթար, անպայման խնձոր մը կ՚ուտէր եւ միջուկը կը թափէր։
Օր մը, երբ սովորականին պէս խնձոր մը կ՚ուտէր, նկատեց միջուկին կուտը եւ սկսաւ մտածել, թէ արդեօք եթէ ցանէր զայն, օր մը խնձորենի մը կ՚ունենա՞ր։
Հրակ մտածեց թէ ինչ սքանչելի պիտի ըլլար ունենալ իր անձնական խնձորենին, ուստի պարտէզը, հողին մէջ փոս մը փորեց եւ կուտը ցանեց հոն։
Այդ օրուընէ սկսեալ, Հրակ ամէն օր ցնցուղով կը ջրէր հողը, միշտ յուսալով պզտիկ նշան մը տեսնել, թէ ինչպէս իր ցանած կուտը օր մը ծառի պիտի վերածուէր,
սակայն սպասուած նշանը կ՚ուշանար։ Հրակ սկսաւ մտածել որ իր ծրագիրը ձախողած է, եւ յուսահատ՝ գնաց հօրը մօտ՝ անոր կարծիքը կամ թելադրանքը առնելու։
Հայրը ըսաւ.
« Տղա՛ս, երբեմն մարդոց ծրագիրները իրենց փափաքածին պէս չեն ընթանար, եւ անոնք կը յուսահատին ու կէս կը ձգեն իրենց սկսած գործը։ Միայն անոնք, որոնք կը շարունակեն փորձել առանց վհատելու, անո՛նք է որ յաջողութեան կը հասնին»։
Այս խօսքը մեծ ազդեցութիւն ձգեց Հրակին վրայ եւ ան որոշեց համբերատար ըլլալ եւ շարունակել սկսած գործը։ Հրակ, առանց յուսահատելու շարունակեց ամէն օր ջրել հողը։ Շաբաթներ անցան առանց որեւէ նշանի, սակայն Հրակ, յիշելով հօրը պատգամը, չյուսահատեցաւ։
Օր մը, երբ Հրակ դարձեալ հողը կը ջրէր, մեծ ուրախութեամբ նկատեց, թէ փոքրիկ ծիլ մը բուսած էր։ Հրակին համար այս պզտիկ ծիլը նշան էր, որ իր աշխատանքը ապարդիւն չէր եւ յոյս կար որ ինք պիտի ունենար իր խնձորենին։
Որոշ ժամանակ ետք այդ փոքրիկ ծիլը արդէն վերածուած էր խնձորենիի մը, որ համեղ եւ հիւթեղ խնձորներ կու տար, իսկ Հրակ այդ խնձորները կ’ուտէր եւ կը բաժնէր
ընկերներուն, միշտ հպարտանալով, որ անոնք իր ցանած կուտին խնձորներն են։
Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ համբերութեան եւ յարատեւ աշխատանքին կարեւորութիւնը՝ յաջողութեան հասնելու համար։