Ցանկապատին Վրայի Փոսերը
Դաւիթ տասը տարեկան մանչուկ մըն էր, որ հակառակ խելացի ըլլալուն, չար ու ջղայնոտ էր։ Բարկութեան պահուն ան կա՛մ խօսքով կը վիրաւորէր ընկերներն ու հարազատները, կա՛մ ալ կը հարուածէր ընկերները կամ քոյրը։ Օր մը հայրը իրեն տոպրակ մը գամ կու տայ՝ թելադրելով որ ամէն անգամ որ բարկանայ, գամ մը գամէ ցանկապատին վրայ։
Առաջին օրը Դաւիթ եօթը գամ կը գամէ։ Յաջորդող օրերուն կը սկսի նուազիլ գամերուն քանակը, որովհետեւ Դաւիթ հետզհետէ կը փորձէ զսպել իր բարկութիւնը, քանի որ իրեն համար աւելի հեշտ* էր ջղայնութիւնը զսպել, քան գամ գամել։ Վերջապէս կը հասնի այն օրը, երբ Դաւիթ երբեք պէտք չի զգար գամ գամելու, որովհետեւ կը յաջողի տեւաբար զսպել բարկութիւնը։ Դաւիթ հօրը կը տեղեկացնէ այս մասին, որ այս անգամ
իրեն կը թելադրէ, որ իւրաքանչիւր անգամ որ կարենար զսպել բարկութիւնը, գամած գամերէն հատ մը քաշէր ցանկապատին վրայէն։ Հետեւելով հօր թելադրութեան, Դաւիթ կը սկսի մէկ առ մէկ քաշել գամերը։ Որոշ ժամանակ ետք, երբ բոլոր գամերը քաշուած էին, ան ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ հօրը, թէ գամ չէր մնացած ցանկապատին վրայ։ Հայրը տղուն ձեռքէն բռնած կը մօտենայ ցանկապատին՝ ըսելով. «Ապրի՛ս, տղաս, սակայն նայէ ցանկապատին վրայի փոսերուն. ցանկապատը երբե՛ք նոյնը պիտի չըլլայ, որովհետեւ
բարկութեան պահուն գործած արարքդ եւ արտասանած վիրաւորական խօսքերդ անպայման իրենց հետքը պիտի ձգեն, զորս կարելի պիտի չըլլայ ամբողջովին դարմանել։ Հետեւաբար, տղաս, մի՛շտ փորձէ զսպել ջղայնութիւնդ, որպէսզի անդարմանելի սխալներ չգործես»։