ՀՈՂԱԳՈՐԾԸ ԵՒ ՀՈՐԸ

Հողագործ մը հոր մը կը գնէ իր դրացիէն, որպէսզի ջուր ունենայ իր ագարակին համար։ Վաճառքէն ետք խորամանկ դրացին կ՚արգիլէ հողագործին, որ հորէն ջուր առնէ, պատճառաբանելով, որ ինք հորը ծախած է եւ ոչ թէ անոր մէջի ջուրը։
Հողագործը շուարած կը դիմէ գիւղի իմաստունին, որ լուծում մը գտնէ այս հարցին։

Իմաստունը, որ թագաւորին խորհրդատուն էր, անոր կը տեղեկացնէ հողագործին հարցը։ Թագաւորը կը կանչէ հողագործին դրացին եւ անոր կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ չէր արտօներ, որ հողագործը հորէն ջուր առնէ։ Խաբեբայ դրացին նոյն պատրուակը* կը կրկնէ։ Թագաւորը կ՚ըսէ.

- Շատ լաւ, եթէ ջուրը քեզի կը պատկանի, այդ պարագային քու ջուրդ ի՞նչ գործ ունի քեզի չպատկանող հորին մէջ։ Անմիջապէս գործածէ ջուրը կամ այլ տեղ փոխադրէ, այլապէս ջուրը հորին տիրոջը պիտի պատկանի։ Խորամանկ մարդը կը գիտակցի, թէ պարտուած է, ուստի ներողութիւն խնդրելով կը հեռանայ։

Այս պատմուածքը ցոյց կու տայ, որ խորամանկութեամբ կարելի չէ իրաւունքներ ոտնակոխել։