ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՆԿԱՐԸ
Ժամանակին թագաւոր մը կար, որ մէկ աչք եւ մէկ ոտք ունէր, բայց շատ ազնիւ, բարի ու խելացի էր, շատ հոգ կը տանէր իր հպատակներուն*, եւ այդ պատճառով ժողովուրդը կը սիրէր զինք։
Պալատին մէջ կար երկար միջանցք մը, որուն պատերէն կախուած էին նախորդ թագաւորներուն նկարները: Օր մը երկար կեցաւ անոնց առջեւ. մէկ-մէկ, ուշադրութեամբ դիտեց զանոնք. յիշեց իր մեծ-հայրն ու հայրը, եւ մտածեց, թէ օր մըն ալ ի՛ր զաւակներն ու թոռները նոյն միջանցքէն պիտի անցնէին ու իրեն պէս դիտէին այդ նկարները, ուր պիտի ըլլար նաեւ իրը...:
Սակայն թագաւորը ցարդ* չէր նկարուած, որովհետեւ կը մտածէր, թէ աչք ու ոտք մը չունենալը թերութիւն էր, ու չէր գիտեր թէ նկարին մէջ զինք այդ վիճակով ինչպէ՛ս պիտի ընկալէին*։ Սակայն, քանի որ հարկ էր անպայման նկար մը ունենալ, հրաւիրեց երկրին բոլոր նշանաւոր նկարիչները, որ իր գեղանկարը* պատրաստեն, որպէսզի տեղադրէ* պալատին միջանցքին մէջ. խոստացաւ առատօրէն վարձատրել* ամէնէն գեղեցիկ նկարը ներկայացնողը։
Նշանաւոր նկարիչներէն ոմանք մտածեցին, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենային թագաւորին մէկ աչք-մէկ ոտքով գեղեցիկ նկար մը գծել, ուստի զանազան պատրուակներով* մերժեցին։ Սակայն ոմանք ընդունեցին նկարել, հրապուրուած* բարձր վարձատրութենէն:
Ամիսներ անցան: Ճշդուած օրը, բոլոր նկարիչները հաւաքուեցան պալատ, իւրաքանչիւը իր նկարած պաստառին* հետ: Թագաւորը իր իշխաններով մէկ-մէկ դիտեց կտաւները*: Տեղ մը ինք պատկերուած էր իբրեւ կտրիճ ձիաւոր՝ աղեղը ձեռին*: Տեղ մը սուրը երկարած կը հալածէր թշնամիները... Եւ այսպէս, իւրաքանչիւրը ջանացած էր ծածկել թագաւորին «թերութիւնները» եւ զայն ներկայացնել ոչ-իրական ձեւով: Նկար նկարի ետեւէ, թագաւորին դէմքը հետզհետէ աւելի կը մթագնէր*. նկարիչներն ու պալատականները ապշած էին. անոնք կ'ակնկալէին, որ թագաւորը պիտի հիանա՜ր եւ պիտի գովէ՜ր զիրենք, բայց ան կը շարունակէր լու՜ռ դիտել նկարները...: Ո՛չ մէկ բառ կ'ըսէր:
Հասան վերջին պաստառին. երիտասարդ նկարիչ մը կեցած էր անոր դիմաց: Ոչ ոք կը ճանչնար զայն: Հագուստէն յայտնի էր, որ սովորական մէկն էր: Երբ ան իր պաստառը ծածկող լաթը վերցուց, բոլոր ներկաները «ա՜հ» բացականչեցին զարմացած: Նկարին մէջ պատկերուած էր գահին նստած թագաւորը, ուր յստակօրէն կ'երեւէին անոր կոյր աչքն ու բացակայ ոտքը..., սակայն ան շրջապատուած էր գիւղացի ու քաղաքացի մարդոցմով. կ'երեւէին մանուկներ ու ծերունիներ, կիներ ու այրեր, բոլորն ալ կը ժպտէին, բոլորն ալ ուրախ կը թուէին. թագաւորն ալ պատկերուած էր ժպիտը դէմքին, որ այնքան գեղեցիկ էր, որ բացակայ աչքն ու ոտքը չէին նշմարուեր իսկ։
Բոլոր պալատականներն ու նկարիչները, շունչերնին պահած կը սպասէին, որ թագաւորը պատժէր այդ երիտասարդը, որ համարձակած էր ցոյց տալ անոր «թերութիւնները»: Թագաւորը աւելի մօտեցաւ նկարին, երկա՜րօրէն, անխօ՜ս դիտեց այն եւ... կամաց-կամաց դէմքին խոժոռութիւնը անհետացաւ, սկսաւ ժպտիլ այնպէս, ինչպէս կ'երեւէր կտաւին վրայ: «Ա՛յս նկարը կ'ընտրեմ, որ դրուի միջանցքի պատին վրայ, նախահայրերուս քով,- ըսաւ,- անիկա ամէնէն ճիշդ ձեւով կ'արտացոլէ* իմ անձս, իմ էութիւնս* եւ սիրելի հպատակներս*»: Ապա հրամայեց իր գանձապահին, որ առատօրէն վարձատրէ երիտասարդը եւ զայն նշանակեց պալատական նկարիչ:
Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
- Թագաւորը ինչո՞ւ նկար չունէր։
- Նկարիչներէն ոմանք ինչո՞ւ մերժեցին նկարել թագաւորը։
- Ի՞նչ է այս պատմուածքին պատգամը։