ՓԻՂԻՆ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ

Փիղ մը միայնակ կը թափառէր անտառին մէջ եւ ընկերներ կը փնտռէր։ Ճամբուն վրայ կը հանդիպի կապիկի մը եւ կ՚ըսէ.
--Ո՜վ կապիկ, իմ ընկերս կ՚ըլլա՞ս։
Կապիկը կը պատասխանէ.
--Դուն շատ մեծ ես եւ ծառ չես կրնար մագլցիլ, ուրեմն ընկերդ չեմ կրնար ըլլալ։
Փիղը կը շարունակէ ճամբան եւ կը հանդիպի նապաստակի մը եւ անոր ալ կը հարցնէ, եթէ կ՚ուզէ իր ընկերը ըլլալ։ Նապաստակն ալ կը պատասխանէ, թէ փիղը շատ մեծ է իր ընկերը ըլլալու համար։ Ապա կը հանդիպի գորտի մը եւ անկէ ալ կը խնդրէ իրեն ընկեր ըլլալ։ Գորտը կ՚ըսէ.
--Դուն շատ մեծ ես եւ չես կրնար ցատկել ինծի պէս, հետեւաբար կը ներես, բայց չեմ կրնար ընկերդ ըլլալ։
Փիղը յուսախաբ կը շարունակէ ճամբան՝ բոլոր անասուններէն նոյն պատասխանը ստանալով։
Յաջորդ առաւօտ փիղը կը տեսնէ, որ անտառի բոլոր կենդանիները ահ ու դողի մատնուած կը փախչէին։ Արջին հարցնելով կ՚իմանայ, որ վագր մը յարձակած էր անտառի կենդանիներուն վրայ։

Փիղը կ՚որոշէ փրկել տկար կենդանիները, ուստի կը յարձակի վագրին վրայ եւ կը փախցնէ զայն։ Անոնք լսելով, որ փիղը փրկած էր զիրենք վագրէն, միաբերան* կ՚ըսեն փիղին.
-- Կարեւոր չէ, եթէ դուն մեծ ես թէ փոքր։ Մենք կը փափաքինք ընկերդ ըլլալ։

Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ բարեկամութեան չափանիշը տարիքը կամ չափը չէ, այլ վերաբերմունքը։