ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԻՐ ՇՈՒՆԸ

Մարդ մը եւ իր շունը կը մեռնին ու երկինք կը բարձրանան։ Կը քալեն ու կը հասնին ոսկեայ դրան մը առջեւ։ Մարդը դուռը կը զարնէ եւ պահակը կը բանայ։
Մարդը կը հարցնէ. «Հոս ու՞ր է»։
Պահակը կը պատասխանէ. «Հոս դրախտն է»։
Մարդը կը փափաքի ներս մտնել, սակայն պահակը կ՚ ըսէ, թէ անասուններու մուտքը արգիլուած է եւ, եթէ փափաքի, կրնայ առանձին ներս մտնել։

Մարդը չի փափաքիր լքել իր հաւատարիմ շունը, կը հրաժարի ներս մտնելէ եւ կը շարունակէ ճամբան իր շան հետ։ Բաւական քալելէ ետք, անոնք կը հասնին ուրիշ դրան մը առջեւ։ Մարդը դուռը կը զարնէ եւ ջուր կը խնդրէ դրան առջեւի պահակէն։ Պահակը ներս կը հրամցնէ զիրենք։
Մարդը կը հարցնէ. «Հոս ու՞ր է»։
Պահակը կը պատասխանէ. «Հոս դրախտն է»։
Մարդը կը զարմանայ եւ կ՚ ըսէ. «Ինչպէ՞ս կ՚ ըլլայ որ հոս ալ դրախտ է, ես քանի մը ժամ առաջ ուրիշ շքեղ վայրի մը առջեւ կը գտնուէի, ուր ըսին, թէ հոն է դրախտը է, բայց շունս չընդունեցին, ես ալ նախընտրեցի ներս չմտնել եւ չլքել շունս»։
Պահակը կը պատասխանէ. «Հոն դժոխքն է, ոչ թէ դրախտը»։
Մարդը զարմացած կ՚ ըսէ. «Ինչպէ՞ս կ՚ արտօնէք որ ձեր անունը գործածեն, չէ՞ք բողոքեր»։

Պահակը կը պատասխանէ. «Ո՛չ, ընդհակառակը, մենք ուրախ ենք, որ իրենք դուրս կը ձգեն եւ մե՛նք ներս կ՚ առնենք այն անձերը, որոնք հաւատարիմ են, եւ նիւթական արժէքներու համար չեն դաւաճաներ իրենց մտերիմ ու հաւատարիմ բարեկամներուն»։