ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԾԱՌԸ
Փոքրիկ տղեկ մը, երբ կը պտըտէր հանրային պարտէզին մէջ, կը տեսնէ ծառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Ես հրաշագործ ծառ եմ: Ըսէ՛ք կախարդական բառերը եւ տեսէք թէ ինչե՜ր պիտի պատահին»։
Տղեկը կը փորձէ զանազան բառեր, որոնք կարդացած էր գիրքերու մէջ կամ լսած էր ֆիլմերէ, բայց ապարդիւն*. ո՛չ «ապրաքատապրա»-ն, ո՛չ «հոքուս-փոքուս»-ը, ո՛չ ալ «բացուի՛ր սեզամ»-ը արդիւնք կու տան։ Ուստի բարկացած, ոտքով բազմիցս կը հարուածէ ծառի բունին: Այս բոլորէն յոգնած կը նստի դիմացի նստարանին:
Ատեն մը ետք, կը զղջայ ըրածին ու ծառին դիմելով կ’ըսէ.
-- Սիրելի՛ ծառ, ներողութիւն կը խնդրեմ ըրածիս համար: Ինչ ալ ըլլար, պէտք չէ զարնէի քեզի, բայց շա՛տ կը փափաքէի գաղտնիքդ իմանալ: հաճիս ներէ՛ ինծի եւ եթէ կ'ուզես՝ օգնէ, որ գիտնամ հրաշքդ ի՛նչ է, շա՜տ կը խնդրեմ։
Յանկարծ ճռնչալով* դուռ մը կը բացուի ծառին կոճղին* մէջ։ Տղեկը շատ կ'ուրախանայ, որ ծառը լսեց իր խնդրանքը: Կը փորձէ մտնել, սակայն շատ մութ էր ներսը, ուստի նորէն կը դիմէ ծառին.
-- Շնորհակալ եմ, սիրելի՛ ծառ, որ լսեցիր խնդրանքս։ Վստահ եմ, որ աւելի հրաշալի բաներ պահած ես ներսը: Կրնա՞մ անոնք ալ տեսնել քու արտօնութեամբդ:
Այս խօսքերուն վրայ ծառին խոռոչը* կը լուսաւորուի եւ տղեկը ներս կը մտնէ ու կը տեսնէ բազմաթիւ խաղալիքներ ու համեղ քաղցրաւենիք*։
Տղեկը կը բերէ նաեւ իր ընկերները, որոնք նոյնպէս կ’ըսեն կախարդական խօսքերը՝ «խնդրեմ», «հաճիս», «շնորհակալ եմ», եւ անոնք ալ կ’օգտուին կախարդական ծառին բարիքներէն։
Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
-
Տղեկը հանրային պարտէզին մէջ ինչպիսի՞ ծառ մը կը տեսնէ։
-
Ի՞նչ էին այն բառերը, որոնք բացին դուռ մը ծառին կոճղին եւ լուսաւորեցին ծառը։
-
Տղեկը ծառէն ի՞նչ կը սորվի։