ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԸ
Ժամանակին մարդ մը կար, որ շատ հարուստ էր, բայց հարստութիւնը չէր, որ զինք
իւրայատուկ* կը դարձնէր,
այլ ազնւութիւնն ու առատաձեռնութիւնը։
Ան շատ առաքինի* ու բարեսէր անձ մըն էր, որ կը սիրէր գաղտնօրէն նուէրներ բաժնել եւ ուրախացնել շրջապատի մարդիկը։
Այս արդար մարդուն դրացի էր աղքատ ու բարի անձ մը, որ ունէր երեք դուստր*։
Այդ ժամանակ աղջիկ մը ամուսնանալու համար պէտք է վճարէր պսակի ծախսերը, իսկ այդ աղքատ մարդը, հակառակ անընդհատ աշխատելուն,
նոյնիսկ մէկ աղջիկ պսակելու դրամ չէր կրնար խնայել*։
Այդ պատճառով ան շատ տխուր էր, որովհետեւ աղջիկները ամուսնութեան թեկնածու ունէին, բայց ինք չէր կրնար անոնց պսակի ծախսերը հոգալ։ Ատով հանդերձ, ան ոչ մէկուն կը գանգատէր իր վիճակին մասին:
Պարզապէս իրիկունները կը նստէր տան շեմին* ու տխուր աչքերով կը դիտէր երկինքը,
երբեմն-երբեմն ծանր հառաչելով:
Հարուստ մարդը, տեսնելով իր դրացիին վիճակը, կը գուշակէ որ ան ծանր հոգ մը ունի: Կը հարցնէ աջ ու ձախ ու կ'իմանայ անոր դժուարութեան պատճառը եւ կ'որոշէ գաղտնօրէն օգնել անոր:
Գիշեր մը տոպրակ մը ոսկի կը նետէ դրացիին տան ծխնելոյզէն վար, որ կ'իյնայ երէց աղջկան գուլպային մէջ, որ կախուած էր ծխնելոյզին քով՝ չորնալու համար։ Ոսկին բաւարար էր աղջկան պսակի ծախսերուն, ուստի աղջիկը անմիջապէս կը պսակուի։
Հարուստը յաջորդ շաբաթներուն նոյն ձեւով ոսկիով լեցուն տոպրակներ կը նետէ դրացիին ծխնելոյզէն վար, որոնց շնորհիւ միջնեկ եւ կրտսեր աղջիկներն ալ շուտով կը պսակուին։
Աղջիկներուն հայրը կը գուշակէ, որ հարուստ դրացին էր անծանօթ բարերարը, ուստի կ'երթայ անոր քով եւ կ'ըսէ.
– Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս շնորհակալութիւն յայտնեմ քեզի եւ ինչպէ՞ս հատուցեմ ըրած բարիքդ։
Հարուստը կը պատասխանէ.
– Ճիշդ է որ նուէրը նիւթական արժէք կրնայ ըլլալ, բայց նոյնքան արժէքաւոր են պարկեշտ նկարագիրն ու անկեղծ հոգին։
Իսկ հատուցելու մասին մի՛ մտածեր, որովհետեւ նուիրելու եւ օգտակար ըլլալու պատճառած ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը կարելի չէ բառերով գնահատել եւ դրամով չափել:
Ատկէ ետք հարուստ մարդը կը շարունակէ նուէրներ բաժնել եւ ուրախացնել փոքրիկները յատկապէս կաղանդի շրջանին տուներուն ծխնելոյզներէն ոսկի եւ նուէրներ նետելով եւ այդ պատճառով ալ կը կոչուի Կաղանդ Պապուկ։
Հետեւեալ հարցումներէն իւրաքանչիւրին տրուած 3 հաւանական պատասխաններէն փորձէ՛ ընտրել ճիշդը։
- Ինչո՞ւ աղքատ մարդուն աղջիկները չէին ամուսնանար։
- Ազնիւ հարուստը ի՞նչ ձեւով օգնեց իր աղքատ դրացիին։
- Ի՞նչ էր հարուստ մարդուն համար յարմար հատուցումը։