ՉԱՐԻՔԻ ՇՐՋԱՆԱԿԸ

Ժամանակին թագաւոր մը կար, որ շատ անգութ ու անարդար էր ։ Անոր հպատակները կը փափաքէին զինք գահընկէց * ընել կամ կը ցանկային իր մահը։ Օր մը թագաւորը, զարմացնելով բոլորը, կը յայտարարէ, թէ որոշած է նոր էջ մը բանալ, ըսելով. «Այլեւս ո՛չ անարդարութիւն, ո՛չ ալ խստութիւն»։

Թագաւորը կը յարգէ իր խօսքը եւ կը վերածուի մեղմ ու արդար միապետի* մը։ Այս փոփոխութենէն ամիսներ ետք, իր նախարարներէն մէկը բաւարար համարձակութիւն կ’ունենայ հարցնելու փոփոխութեան պատճառը։ Թագաւորը կը պատասխանէ.

«Օր մը, երբ ձի նստած անտառէն կ’անցնէի, տեսայ շուն մը, որ աղուէս մը կը հալածէր։ Աղուէսը փախաւ, սակայն շունը յաջողեցաւ աղուէսին ոտքը խածնել։ Յետոյ գիւղ գացի եւ տեսայ նոյն շունը, որ մարդու մը դէմը կանգնած կը հաջէր։ Այդ վայրկեանին մարդը քար մը նետեց շունին վրայ ու կոտրեց անոր ոտքը։

Մարդը շատ չէր հեռացած, երբ ձի մը կից զարկաւ մարդուն՝ փշրելով անոր ծունկին ոսկորը։ Ձին սկսաւ վազել, բայց փոսի մը մէջ ինկաւ եւ ոտքը կոտրեց։ Այս բոլորը տեսնելով, մտածեցի թէ ամէն չարիքի այլ չարիք մը կը յաջորդէ։ Եթէ ես շարունակեմ չարութիւնս, վստահաբար ինծի եւս չարիք պիտի հասնի, այդ պատճառով որոշեցի փոխուիլ»։ Նախարարը կը հեռանայ համոզուած ըլլալով, թէ ժամանակը հասած է այս «տկար» թագաւորը գահընկէց ընելու եւ անոր գահին տիրանալու։ Այս մտածումներուն մէջ խորացած, չի տեսներ առջեւի աստիճանները եւ իյնալով, վիզը կը կտրէ։

Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ չար գործերուն եւ մտածումներուն իսկապէս կը յաջորդեն նոր չարիքներ, հետեւաբար նախընտրելի է խուսափիլ չարիքի շրջանակէն եւ չարութեան փոխադարձել բարիքով։