ԲԻՒՐԵՂԵԱՅ ԳՆԴԱԿԸ
Ժամանակին գիւղ մը կար, որու բնակիչները շատ ուրախ էին ու գոհունակ։ Այդ գիւղին մէջ Կորիւն անունով պատանի հովիւ մը կը բնակէր իր հօր, մօր եւ մեծմօր հետ։
Ան առաւօտ կանուխ իր հօտը մօտակայ բլուրը կը տանէր, որպէսզի ոչխարները արածեն։
Օր մը, երբ Կորիւն սրինգ կը նուագէր ոչխարներուն արածած միջոցին, յանկարծ կը նշմարէ լոյս մը, որ կու գար մացառներուն ետեւէն։
Կորիւն կը մօտենայ լոյսին, եւ կը տեսնէ շատ գեղեցիկ բիւրեղեայ*
գնդակ մը։ Գնդակը ծիածանի նման գոյներ կը ցոլացնէր։ Կորիւն ուշադրութեամբ կը բռնէ գնդակը եւ կը սկսի դարձնել։
Յանկարծ գնդակին մէջէն մեղմ ձայն մը կը լսէ որ կ՛ըսէր «Խնդրէ՛ որեւէ բան եւ ես պիտի կատարեմ խնդրանքդ»։
Կորիւն չհաւատալով ականջներուն, անգամ մը եւս կը դարձնէ գնդակը եւ դարձեալ նոյն նախադասութիւնը կը լսէ։
Կորիւն կը սկսի մտածել, թէ ի՞նչ ուզէ, սակայն չի կրնար որոշումի մը յանգիլ, ուստի կ’որոշէ յաջորդ օրուան յետաձգել որոշումը։
Գնդակը կը դնէ տոպրակի մը մէջ եւ ուրախութեամբ կը վերադառնայ տուն։
Ան կ’որոշէ գնդակին մասին մէկու մը բան չըսել։
Յաջորդ օր, Կորիւն դարձեալ չի կրնար որոշել, թէ ի՞նչ ուզէ, որովհետեւ կը զգար թէ ամէն ինչ ունէր եւ
յաւելեալ որեւէ բանի պէտք չունէր։
Այսպէս մի քանի օրեր կ’անցնին։ Կորիւնին ընկերները կը զգան անոր արտասովոր*
ուրախութիւնը, ուստի անոնցմէ մին կ’որոշէ հետեւիլ Կորիւնին,
գիտնալու համար անոր ուրախութեան պատճառը։ Կորիւն, ըստ սովորութեան, անկիւն մը կը նստի, գնդակը կը հանէ ու կը դիտէ անոր ցոլացուցած գոյները։
Ընկերը, որ պահուըտած էր ծառի մը ետեւ, կը սպասէ որ ան քնանայ, ապա գնդակը կ’առնէ ու կը փախի։
Երբ գիւղ կը հասնի, բիւրեղեայ գնդակը ցոյց կու տայ
գիւղացիներուն, որոնք կը սկսին զայն ձեռքէ ձեռք անցընել ու զմայլիլ անոր գոյներուն վրայ։ Յանկարծ կը լսեն ձայնը որ կ’ըսէր «Խնդրէ՛ ինչ որ կ’ուզես,
ես պիտի կատարեմ խնդրանքդ»։ Անոնցմէ մէկը գնդակը բռնելով կ’ըսէ «Ես տոպրակ մը ոսկի կ՛ուզեմ»։ Ուրիշ մը՝ «Ես գոհարեղէններ կ’ուզեմ»։
Այսպիսով, իւրաքանչիւր գիւղացի փափաք մը կը յայտնէ, իսկ գնդակը բոլորին փափաքները կը կատարէ։ Սակայն, հակառակ ատոր, գիւղացիները ուրախ չէին։
Անոնք կը սկսին իրարու նախանձիլ։ Դղեակ ստացողը ոսկի ալ կը ցանկար, ոսկի ունեցողը գոհարեղէն կ’ուզէր, եւ այսպէս շարունակաբար։
Այս պատճառով ալ գիւղացիները իրարմէ կը նեղուին ու կը գժտուին*։
Միայն Կորիւն ու իր ընտանիքը ուրախ էին եւ կը շարունակէին իրենց առօրեայ կեանքը։
Կորիւնին ընկերները կ’որոշեն գնդակը իրեն վերադարձնել եւ միաժամանակ պատմել գիւղացիներուն դժգոհութեան մասին։ Կորիւն երբ կը տեսնէ, թէ գնդակը գիւղացիներուն
ուրախութիւն չէր բերած, այլ՝ ընդհակառակը, կ’ըսէ «Ես տակաւին գնդակէն որեւէ բան չեմ խնդրած, եթէ կ’ուզէք կրնամ խնդրել որ բոլորին խնդրանքները չեղեալ
համարուին եւ գիւղացիները վերադառնան իրենց նախկին վիճակին»։ Ընկերները համաձայն կը գտնուին, ուստի Կորիւն գնդակէն կը խնդրէ որ գիւղը վերադառնայ իր նախկին
վիճակին։ Գնդակը դարձեալ կը կատարէ այս խնդրանքը։
Այսպիսով գիւղացիները կը վերադառնան իրենց նախկին վիճակին եւ վերստին իրարու հետ ուրախ ու համերաշխ կ’ապրին։