Հիւանդ Մարդամեքենան
Մհեր հարուստ ընտանիքի մը զաւակն էր։ Ան կը բնակէր շատ գեղեցիկ բնակարանի մը մէջ, եւ կ՛ունենար ինչ որ փափաքէր։ Անոր փափաքին ընդառաջելով*՝ ծնողքը գնեց մարդամեքենայ* մը, որ տան մէջ զանազան գործեր պիտի կատարէր, ինչպէս նաեւ պիտի կոկէր Մհերին սենեակը։
Առաջին գիշերը, երբ Մհեր քնացաւ, սենեակը տակնուվրայ վիճակի մէջ էր։ Երբ արթնցաւ, ամէն կողմ մաքուր ու կոկիկ գտաւ, սակայն երբ փորձեց գտնել իր նախասիրած խաղալիքն ու հագուստը, չգտաւ զանոնք։ Աճապարելով ծնողքին մօտ՝ Մհեր ըսաւ թէ մարդամեքենան կամ հիւանդ էր եւ կամ թերութիւն* ունէր, որովհետեւ կը պահէր իր ապրանքները։ Ծնողքը համամիտ չգտնուեցան՝ ըսելով թէ, ընդհակառակը իրենք շատ գոհ էին մարդամեքենայէն։
Մարդամեքենան պատահմամբ լսեց Մհերին գանգատը, ուստի մօտենալով անոր փորձեց հասկնալ դժգոհութեան պատճառը։ Մհեր ըսաւ թէ իր նախասիրած հագուստներն ու խաղալիքները կ՛անյայտանային սենեակէն։ Մարդամեքենան ըսաւ. «Այդ ըսածներդ գետինը նետուած էին, ես ալ ենթադրեցի թէ քեզի համար անպէտք են։ Նկատի ունենալով որ ես ծրագրուած եմ անպէտք առարկաները հաւաքելու, այդ պատճառով հաւաքեցի եւ վերցուցի զանոնք»։
Այս խօսքերուն վրայ Մհեր ամչցաւ իր թափթփածութենէն եւ անդրադարձաւ որ այն առարկաները, զորս ինք գետին կը նետէր, ուրիշ փոքրիկներ որքա՜ն պիտի փափաքէին ունենալ եւ գուրգուրալ անոնց վրայ։ Ուստի որոշեց այդ օրուընէ սկսեալ տարբեր տղայ մը ըլլալ՝ իր ունեցած ապրանքներուն յարգը գիտնալով եւ միաժամանակ կոկիկ ու մաքրասէր ըլլալով։
Այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքա՜ն կարեւոր է կոկիկութիւնը եւ ունեցած իրերուն յարգը գիտնալը։